ԳԵՐՄԱՆԱՑԻ ՀԱՄԱՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ ՍԹՈՔՓՈՐ ՔԱՈՒՆԹՐԻԻ ՄԱՐԶԻՉ
Գերմանացի միջազգային նախկին միջնապահ Տիեթմար Համան, որ անցեալին տեսնուած է Անգլիոյ ֆութպոլի դաշտերուն վրայ, ընդունեց ստանձնել Սթոքփոր Քաունթրիի մարզիչի պաշտօնը` մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելէ ետք անոր հետ:
37 տարեկան գերմանացին, որ 62 անգամ կրած է իր երկրի ֆութպոլի ազգային խումբին շապիկը, նախորդ տարեշրջանի աւարտին 106 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով լիկ Բ.էն (Դ. դասակարգ) փոխադրուեցաւ Քոնֆըրընսի դասակարգ, որ ոչ արհեստավարժ խումբերու ախոյեանութիւնն է:
Նշենք, որ ան անցեալին մաս կազմած է Պայէրն Միւնիխի, Լիվըրփուլի, Նիւքեսըլի եւ Մանչեսթըր Սիթիի:
CATEGORIES Մարզական