ԱԼՃԵՐԻԱ ԵՒՍ Կ՛ԱՌԱՋԱՐԿԷ ՓՈԽԱՐԻՆԵԼ ԼԻՊԻԱՆ
Լիպիոյ մէջ տիրող պատերազմական մթնոլորտին պատճառով, ափրիկեան երկու երկիրներ` Հարաւային Ափրիկէ եւ Ալճերիա, իրենց թեկնածութիւնը առաջադրեցին` հիւրընկալելու 2013-ի Ափրիկեան երկիրներու բաժակի մրցաշարքը:
Ափրիկէի ֆութպոլի ֆետերասիոնը յառաջիկայ սեպտեմբերին Գահիրէի մէջ գումարելիք իր ժողովին ընթացքին պիտի որոշէ, թէ արդօք Լիպիա կրնա՞յ վերոնշեալ մրցաշարքը հիւրընկալել, թէ՞ ոչ:
Նշենք, որ Հարաւային Ափրիկէ արդէն իսկ 2017-ի մրցաշարքը հիւրընկալելու իրաւունքը ստացած է:
Ինչ կը վերաբերի այս տարի տեղի ունենալիք Ափրիկեան երկիրներու կրտսերներու ախոյեանութեան Հարաւային Ափրիկէ արդէն իսկ փոխարինեց Լիպիան:
CATEGORIES Մարզական

