«ՔՈՓԱ ԱՄԵՐԻՔԱ». ՎԻՐԱՒՈՐ ՎԱԼԵՆՍԻԱ ՊԻՏԻ ԲԱՑԱԿԱՅԻ ՎԵՆԵԶՈՒԵԼԱՅԻ ԴԷՄ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՆԱԼԻՔ ՄՐՑՈՒՄԷՆ
Իր երկրին` Էքուատորի հետ «Քոփա Ամերիքա» ֆութպոլի մրցաշարքին մասնակցող Անթոնիօ Վալենսիա, որ Փարակուէյի դէմ տեղի ունեցած մրցումին թեթեւօրէն վիրաւորուեցաւ, իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել այս շաբաթավերջին Վենեզուելայի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին:
Նշենք, որ անոր խմբակին (Բ.) մաս կը կազմէ նաեւ Պրազիլ:
Էքուատորի խումբին բժիշկը` Թոնի Օքամփօ ըսաւ, որ Մանչեսթըր Եունայթըտին մաս կազմող Վալենսիա բախտաւոր դուրս եկաւ: Ան իր վնասուածքը ստացաւ այն նոյն վայրէն, ուրկէ դարձեալ վիրաւորուած էր նախորդ տարեշրջանին աւարտին, իր ակումբին հետ:
CATEGORIES Մարզական