Օհանեան. «Իրավիճակի Սրումը Յղի Է Ազրպէյճանի Համար Ծանր Հետեւանքներով»

Սէյրան Օհանեան
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան երէկ ընդունեց ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը:
Պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը փոխանցեց, որ հանդիպման ընթացքին նախարարը դեսպանին յորդորեց իր լիազօրութիւններուն ծիրին մէջ գործուն քայլերու ձեռնարկելու` շփման գիծին վրայ իրավիճակը մեղմացնելու ուղղութեամբ, որովհետեւ ձեւաւորուած միջավայրին մէջ իրավիճակի ընթացիկ սրումը յղի է ազրպէյճանական կողմի համար ծանր հետեւանքներ ունենալու հաւանականութեամբ:
Քասփրչիք իր մտահոգութիւնը յայտնեց եւ խոստացաւ գործնական քայլերու ձեռնարկելու` շփման գիծին վրայ ներկայ իրավիճակը մեղմացնելու ուղղութեամբ:
Պաշտպանութեան Նախարարութիւն.
«Խուճապի Մատնուելու Կարիք Չկայ»
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ վստահեցուց, որ հայ – ազրպէյճանական սահմանին վրայ իրավիճակը կը վերահսկուի հայկական զինեալ ուժերուն կողմէ, եւ խուճապի մատնուելու կարիք չկայ:
«Հակառակորդը քանի մը օր շարունակ ապատեղեկատուութեան եւ քաղաքական սադրանքներու միջոցով լարում յառաջացուց նախիջեւանեան սահմանին վրայ, եւ երէկուան կրակոցներուն հետեւանքով մենք երկու զինուորներ կորսնցուցինք: Պատասխան կրակէն ետք հակառակորդը լռեց, իսկ այսօր պաշտպանութեան նախարարը Անճէյ Քասփրչիքին հետ հանդիպումին ընթացքին նշեց, որ իրավիճակը լեցուն է լուրջ հետեւանքներով եւ Ազրպէյճանի համար կրնան շատ ծանր ըլլալ այդ հետեւանքները, եթէ կացութիւնը չմղէ դէպի հանդարտութիւն», «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տեղեկացուց պաշտպանութեան նախարարի բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան: Ան աւելցուց, որ դրդապատճառներու արժեւորում չի կրնար կատարել, որովհետեւ անոնք քաղաքական գնահատականի պէտք է արժանանան: Ան շեշտեց, որ Հայաստանի զինեալ ուժերը կը վերահսկեն սահմանը եւ խուճապի մատնուելու կարիք չկայ, ո՛չ մէկ զօրահաւաք, ո՛չ մէկ տեղահանութիւն կայ: Յովհաննիսեան ընդգծեց, որ 20 տարի շարունակ զինեալ ուժերը ինչպէս խնդիրը լուծած են` կը շարունակեն նոյն ձեւով լուծել, բայց , ըստ անոր, դժբախտաբար կորուստներ կ՛ըլլան, որովհետեւ մարտական իրավիճակ կը տիրէ ` պատերազմ է:
Նախանցեալ օրուան դէպքին ընթացքին ոչ թէ ազրպէյճանական կողմէ ներթափանցման փորձ կատարուած է, այլ, նախնական տեղեկութիւններով, արձակազէնները կրակած են մարտական յենակէտի ուղղութեամբ: Արծրուն Յովհաննիսեան հաստատեց, որ Նախիջեւանի սահմանին լարուածութիւնը նորութիւն է զինադադարի կնքումէն ի վեր: Նախարարին բանբերը վստահեցուց, որ ասիկա հայ – նախիջեւանեան սահմանին զինադադարի դրութեան խախտման բացառիկ դէպքերէն մէկն է:
Անդրադառնալով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի այն դիտարկման, թէ կան մեկնաբանութիւններ, որ Թուրքիա նաեւ ներգրաւուած է այնտեղ, Արծրուն Յովհաննիսեան յայտնեց, որ ատիկա չի բացառուիր: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ատիկա աւելի վտանգաւոր չէ՞, Յովհաննիսեան արձագանգեց` «մեզի համար հակառակորդը միշտ վտանգաւոր է»: Ան շատ աւելի հաւանական նկատեց այսօր պատերազմի վերսկսման հաւանականութիւնը, քան քանի մը ամիս առաջ:
Համացանցին եւ մամուլին մէջ տարածուած էին այնպիսի տեղեկութիւններ, թէ Նախիջեւանի սահմանակից այդ տարածքէն բնակչութեան տարհանում տեղի կ՛ունենայ, ինչ որ նախարարութիւնը պաշտօնապէս կը հերքէ:

