«Խստիւ Կը Դատապարտենք Վերջին Օրերուն Հալէպի Հայաբնակ Նոր Գիւղ Թաղամասի Ռմբակոծումները» Ըսաւ Բալայեան

Տիգրան Բալայեան
Tert.am կը հաղորդէ, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Տիգրան Բալայեան մեկնաբանած է Հալէպի մէջ տիրող կացութիւնը:
«Խստիւ կը դատապարտենք վերջին օրերուն Հալէպ քաղաքի հայաբնակ Նոր Գիւղ թաղամասի ռմբակոծումները, որոնք մարդկային զոհերու եւ աւերի պատճառ դարձած են:
«Համոզուած ենք, որ սուրիական ճգնաժամի հանգուցալուծման յառաջընթացի գլխաւոր նախապայմանը բռնութիւններու անյապաղ դադրեցումն է», նշուած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի մեկնաբանութեան մէջ:

