«Հայաստանի` Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Միանալու Փաստաթուղթը Պատրաստ Պիտի Ըլլայ Մինչեւ Մէկ Յուլիս» Ըսած Է Սփասքի

Վիքթոր Սփասքի
Եւրասիական տնտեսական յանձնախումբի համարկման բաժանմունքի պետ Վիքթոր Սփասքի հայաստանեան «Հայկական ժամանակ» օրաթերթի թղթակիցին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է. «Հայաստանի` Եւրասիական տնտեսական միութեան միանալու փաստաթուղթը պատրաստ պիտի ըլլայ մինչեւ մէկ յուլիս, որմէ ետք Հայաստանի, Ռուսիոյ, Պիելոռուսիոյ եւ Ղազախստանի նախագահները պիտի որոշեն, թէ ե՛րբ եւ ո՛ւր ատիկա պիտի ստորագրուի»:
«Բոլոր աշխատանքները կ՛ընթանան լիարժէք համաձայնեցումի մթնոլորտի մէջ», ըսած է Սփասքի:
CATEGORIES Հայկական

