Քոնկ Ֆու. Լիբանանի Քինտայի Ախոյեանութիւն. Անթունիէ Տիրացաւ Տիտղոսին

10421762_10152476201369429_4346867_oԿազմակերպութեամբ Ժամհուր ակումբին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնին, տեղի ունեցան Լիբանանի Քինտայի ախոյեանութեան մրցումները` 6-11 տարեկան 115 երկսեռ մարզիկներու մասնակցութեամբ:

Մրցումներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հետեւեալ ակումբները. Պել Հորիզոն, Սանթրալ, Անթունիէ, Շաոլին, Պուտտա, Պատի Փաուըր, Միջին Արեւելք, Ռըսոլ Ժունիէ եւ Ժամհուր:

61 կէտ ապահովելով առաջին դիրքը գրաւեց եւ տիտղոսին տիրացաւ Անթունիէ Պաապտա, իսկ անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Պուտտա Ատմա (51 կէտ), եւ Սանթրալ Ժունիէ (36):

Ֆետերասիոնին կողմէ մամուլին յղուած պաշտօնական արդիւնքներուն ցանկը բաւական երկար էր` նկատի ունենալով, որ մրցումները տարիքային էին եւ տարբեր տեսակի դասակարգերով (20, 25, 35 քմ):

Սակայն մրցանակակիրներու այդ ցանկին մէջ որեւէ ակումբէ ոեւէ հայ մարզիկի անուն չկար:

Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուիի ֆետերասիոնի նախագահ Ժորժ Նասիրի եւ այլ անձերու:

Share this Article
CATEGORIES