2014-ի Մոնտիալ. Փիղը Կը Կանխագուշակէ Մրցումներուն Արդիւնքները
Ինչպէս բոլորն ալ կը յիշեն, նախորդ` 2010-ի Մոնտիալին ընթացքին բաւական աղմուկ հանեց ութոտնուկ Փաուլին եւ անոր կանխագուշակումները:
Այժմ, 2014-ի Մոնտիալի սկիզբէն առաջ նմանատիպ գործողութիւններ կը կատարէ Գերմանիոյ Հանովըր քաղաքի գազանանոցին մէջ գտնուող փիղը:
Անոր դիմաց կը դրուին ֆութպոլի երկու բերդեր, որոնց վրայ փակցուած են մրցող խումբերուն դրօշակները:
Այս գծով որոշ գաղափար մը ունենալու համար կարելի է «Եութիուպ»-ի վրայ դիտել հետեւեալ տեսանիւթը` Elephant predict, World cup matches:
CATEGORIES Մարզական

