«Մովսիսեանով Ցարդ Հետաքրքրուած Է Միայն Ուեսթ Համ» Կ՛ըսէ Վալերի Յովհաննիսեան
«Սքայ Սփորթ» իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ հաղորդած է, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Սպարտակ Մոսկուայի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեանով հետաքրքրուած են գերմանական եւ անգլիական շարք մը ակումբներ:
Ֆութպոլի գործակալ Վալերի Յովհաննիսեան rg.ru կայքին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին մէջ նշած է, որ ցարդ միայն Ուեսթ Համ պաշտօնական առաջարկ ներկայացուցած է:
«Ուեսթ Համ այդ առաջարկը ներկայացուց 2013-ի ամրան, սակայն Սպարտակ մերժեց առաջարկը: Կը կարծեմ, որ Մովսիսեան երջանիկ է ռուսական խումբին հետ: Յամենայն դէպս, կը կարծեմ, որ ամէն ինչ կախեալ է նոր մարզիչէն, եւ յառաջիկայ ամսուան ընթացքին յստակ կը դառնայ Մովսիսեանի Սպարտակ մնալու հարցը», կ՛ըսէ Վալերի:
CATEGORIES Մարզական

