2014-ի Մոնտիալ. Տիտղոսին Տիրանալու Պարագային Սպանացի Ֆութպոլիստները Մեծ Պարգեւ Պիտի Ստանան
Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ 2014-ի Մոնտիալի աշխարհի ախոյեանութեան տիտղոսին տիրանալու պարագային, Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին ֆութպոլիստները նիւթական մեծ պարգեւներ պիտի ստանան:
Եթէ Սպանիա ախոյեան հանդիսանայ, մարզիչ Վիչենթէ Տել Պոսքէ պիտի ստանայ 720 հազար եւրոյի պարգեւատրում մը: Այս գումարը 120 հազար եւրոյով աւելի է, քան ինչ որ ան գանձեց չորս տարի առաջ` 2010-ի Մոնտիալին:
Քառորդ աւարտական հասնելու պարագային, մարզիկները պիտի ստանան 72 հազարական եւրօ, կիսաւարտականի պարագային` 180 հազարական եւրօ, իսկ աւարտականի պարագային` 360 հազարական եւրօ:
Լուրը հրապարակած ArmSport.am եզրափակեց նշելով, գումարներու այս չափերը քննած եւ որոշած են Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը, Իքեր Քասիասն ու Զաւին:
CATEGORIES Մարզական

