Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցումի Մը Ընթացքին. Հայաստան 6-1 Արդիւնքով Պարտութիւն Մը Կրեց Գերմանիայէն

Երէկ գիշեր ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբը հիւրընկալեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը` Մայնցի մէջ գտնուող Քոֆաս Արենա մարզադաշտին վրայ:
Հայրենի կազմը այս մրցումին յաջողեցաւ դիմանալ միայն մէկ կիսախաղ` նկատի ունենալով, որ Բ. կիսախաղին պատկերը ամբողջութեամբ շրջուեցաւ եւ դաշտին տէրերը 6-1 արդիւնքով քիչ մը ծանր պարտութեան մատնեցին Պեռնար Շալանտի կազմը` Հայաստանը:
52-րդ վայրկեանին Անտրէ Շիւյերլէ բացաւ մրցումին հաշիւը: Սակայն 70-րդ վայրկեանին Հայաստան հաւասարեցուց արդիւնքը` շնորհիւ Հենրիխ Մխիթարեանի նշանակած կոլին` փենալթիով, 70-րդ վայրկեանին:
Զարմանալիօրէն այդ կոլէն ետք Գերմանիա նշանակեց իրերայաջորդ կոլեր` շնորհիւ Լուքաս Փոտոլսքիի (72-րդ), Պենետիքթ Հոյվետեսի (73-րդ), Միրոսլաւ Քլոզէի (76-րդ) եւ Մարիօ Կոյեթցէի (82-րդ եւ 90-րդ):
Նշենք, որ Ա. կիսախաղին վերջաւորութեան Գերմանիոյ մարզիկներէն Մարքօ Ռոյս Արթուր Եդիգարեանի հետ բախում մը ունենալով մրցումը չկրցաւ շարունակել եւ փոխարինուեցաւ Լուքաս Փոտոլսքիով:

