50 Տարի Առաջ (9 Յունիս 1964)

Նշան Փալանճեան Ճեմարանի ՀՕՄ Մանկապարտէզ

Տարեկան Աշխատանքներու
Ցուցադրութիւն

Նշան Փալանճեան ճեմարանի ՀՕՄ մանկապարտէզի տարեկան աշխատանքներու ցուցադրութեան բացումը տեղի ունեցաւ կիրակի, 7 յունիս 1964, կէսօրէ առաջ ժամը 10:00-ին, Համազգայինի «Վասպուրական» սրահին մէջ:

Ցուցադրութիւնը պիտի տեւէ մինչեւ հինգշաբթի, 11 յունիս, ամէն օր կէսօրէ ետք ժամը 3:00-7:00:

Ոչ մէկ ատեն «Վասպուրական» սրահը, մուտքի սենեակէն սկսեալ, այսքան գեղեցկօրէն չէր զարդարուած:

Արդարեւ, ճաշակաւոր դասաւորումով ցուցադրութեան դրուած աշխատանքները առաջին իսկ տպաւորութեամբ հիացում կը պատճառեն այցելողին:

Այնքա՜ն այլազան են ու ճոխ անոնք, որ որքան մօտէն դիտուին, կարելի է միայն սքանչանալ:

Մուտքի սենեակին, առաջին ակնարկով աչքի կը զարնուի Քաջն Նազարը իր էշով, այլ եւ այլազան աշխատութիւններ, աշխատանքային բաժանումի մասը, օդացոյց` ամպոտ ու անձրեւոտ օրերու:

Ձեռային աշխատանքներով ուսուցանելու ամէնէն արդիական մանկավարժութիւնն է, որ գործադրուած է հինգէն եօթը տարեկան, Կանաչ ու Դեղին դասարաններու փոքրիկներուն համար:

Սրահի ձախէն սկսեալ` թուաբանութիւն սորվեցնելու սքանչելի դասաւորում մը:

Նախադասութիւններ ու բառեր, վանկեր ու տառեր, նկարներով բառեր, բաղաձայն գիրերը ձայնաւորներով սորվեցնելու կերպերը ցուցադրող դասաւորում մը:

Աւելին անդին, միշտ Դեղին ու Կանաչ դասարաններու կողմէ պատրաստուած, խմբական ազատ աշխատանքներ:

Այնուհետեւ, մինչեւ սրահի ձախ խորքը, յաջորդաբար ցուցադրուած են Ափրիկէն, զայն խորհրդանշող առարկաներով: Հնդիկներ, Ամերիկան` իր շէնքերով, շոգեկառքերով եւ այլ առարկաներով: Չինաստանը, իր տուներով, կառքերով եւ չինացիներ իրենց տարազներով, Էսքիմոն` ամբողջութեամբ ձիւնածածկ, իր շուներով, հսկայ առագաստանաւով մը: Էսքիմոցիներ` ձեռքերնին ձուկ, նաեւ` բազմատեսակ ձուկեր:

Կան նաեւ ձեռային զանազան աշխատութիւններ, խաղող եւ ըմպելիներ պարունակող բազմաթիւ շիշեր:

Սրահի խորքին, ձախ կողմը ցուցադուած է Հայաստանը` մեծ ու փոքր Մասիսներով: Հայ գիւղը` իր ջաղացքով: Հողագործը, գիւղացին, իր իլիկը եւ այլն, եւ այլն:

Գեղեցկօրէն ցուցադրուած է նպարավաճառի խանութ մը, որուն ստեպղինը, սմբուկը, դդումը, կաղամբը, լուբիան, հազարը, բողկը, պղպեղը, լոլիկը` փոքր կողովներու մէջ դրուած, լաւագոյն կերպն են կանաչեղէններու եւ պտուղներու անունները հայերէն սորվեցնելու:

Խորքի աջ կողմը ցուցադրուած է Լիբանանը` Պաալպեքի սիւներով, բազմատեսակ ձուկերով եւ գեղեցիկ ծովափով:

Շատ գնահատելի աշխատութիւն մըն է Լիբանանի յատակագիծը` իր խորհրդանշող առարկաներով եւ լեռներով:

Սրահին աջ կողմը, Կապոյտ դասարանի չորսէն հինգ տարեկան փոքրիկներու ձեռային աշխատութիւններն են ցուցադրուած:

Կան խմբական ազատ աշխատանքներ, խաղալիքներ, նկարներ, ծաղկամաններ, անասուններ, հագուստներ, խոհանոցի առարկաներ, այլեւ փոքր տնակ մը իր ննջասենեակով, հիւրասենեակով, ճաշասենեակով եւ փոքրիկներու յատուկ սենեակ` մահճակալներով ու պուպրիկներով:

Իսկ սրահին մէջտեղը, փոքր սեղաններու վրայ դրուած են իւրաքանչիւր դասարանի աշակերտութեան տարեկան աշխատանքին արդիւնքը ցուցադրող տետրակներ, որոնք մեծ հետաքրքրութեամբ եւ հրճուանքով կը թղթատուէին այցելուներուն կողմէ:

Վարիչ մանկապարտիզպանուհի Լուսին Մալիքեան եւ մնայուն ուսուցչուհիներ Գարմեն Տէր Կարապետեան, Ռուբինա Բագրատունի, Հերմինէ Տաքեսեան, Սոնա Մանուկեան, Ժաքլին Խոտիկեան եւ Զէյնա Ապինատեր բացառիկ գնահատանքի արժանի են իրենց տարած անձնուէր գործունէութեան համար:

«Սիրել պէտք է եւ աշխատանք,- կը յայտնէ Լուսին Մալիքեան:- Եւ այս բոլորը, ինչ որ կը տեսնէք, կատարուած է աշխատանքը սիրելով, առանց մասնաւոր դրամագլուխի»:

– Մեր միւս վարժարանները կը հետաքրքրուի՞ն ձեր կատարած աշխատանքներով: Կը կիրարկե՞ն ձեր մանկավարժութիւնը:

Հարց կու տանք Լ. Մալիքեանին:

– Տարուան ընթացքին մեր քանի մը դասախօսութիւններուն ներկայ եղողներ եղան: Դժբախտաբար շատ անտարբեր են: Օրինակ, յատուկ հրաւէրներ ուղարկած էինք բոլոր հայ վարժարաններու տնօրէններուն եւ մանկապարտիզպանուհիներուն, որպէսզի շաբաթ օր իրենց պաշտօնակիցներով գային եւ միասին ըլլայինք ցուցադրութեան այս սրահին մէջ: Միայն հայ կաթողիկէ եւ աւետարանական վարժարաններէն եկողներ եղան:

Փափաքելի է, որ այս հոյակապ ցուցադրութեան այցելեն հայ վարժարաններու բոլոր տնօրէններն ու մանկապարտէզներու ուսուցչուհիները` իրենց աշակերտներով:

ՀՐԱԶԴԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES