Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ամէն փայլուն իր ոսկի չէ: Ուշադիր եղէք ձեր առօրեայ հանդիպումներուն ընթացքին ձեր ունենալիք աշխատանքին: Մի՛ հաւատաք ձեր լսածներուն:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Օրը պիտի ըլլայ սովորական` առանց մտահոգութեան կամ նոր ծրագրի մասին մտածելու: Ժամանակ տրամադրեցէք հանգստանալու, հեռու մնացէք շատախօսներէ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Փառքը շուքի կը նմանի, որքան հետապնդես, այնքան աւելի կը հեռանայ: Դուն անտարբեր եղիր, աշխատանքը շարունակէ, այն ատեն փառքը կը տեսնէ քեզ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ժամադրութիւն մը կորսնցուցած էք մոռացման պատճառով: Երկրորդ անգամ կեդրոնացէք ձեր ընելիքներուն, անիմաստ պատճառները ընդունելի չեն այս անգամ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Համբերութիւնը լաւ առաքինութիւն մըն է: Աճապարանքը շուարումի կը մատնէ, հետեւաբար ականջ տուէք իմաստութեան խրատներուն: Համբերութեամբ կրնաք ճշմարտութիւնը հասկնալ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Դաշտային կամ լեռնային վայր մը ընտրեցէք` ձեր պտոյտը իրագործելու սիրելիներու ընկերակցութեամբ: Կարեւորը հեռու տարածք մը ըլլալը չէ, այլ` բնութիւնը, որ ներշնչարան պիտի ըլլայ, պիտի հանգստացնէ ֆիզիքապէս եւ հոգեպէս:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Արտաքին երեւոյթներէն մի՛ ազդուիք: Համեստ երեւցող անձերը կրնան զարմացնել ձեզ իրենց գիտութեամբ, ճարտարութեամբ եւ ծառայասիրութեամբ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Եթէ թեթեւ է ձեր քունը, նախքան անկողին մտնելը` ունկնդրեցէք խաղաղ երաժշտութիւն, ճաշակեցէք թեթեւ ընթրիք: Խնձոր մը կրնայ ձեզի քուն պարգեւել:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Կեդրոնացէք ձեր անձնական ծրագիրներուն վրայ, զանոնք յաջողցուցէք: Այլոց ըրածներով մի՛ հետաքրքրուիք, կարեւոր չեն, անիմաստ հետաքրքրութիւն է:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Մի՛ կրկնէք ձեր ըրած սխալը, մանաւանդ` գիտակցաբար: Անծանօթ անձերու մասին կարծիք մի՛ տաք, որպէսզի թիւրիմացութիւն մը չստեղծուի անգիտակցութեամբ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Արուեստը շնչառութիւնը կը զարգացնէ, կը խանդավառէ: Երգը եւ երաժշտութիւնը ձեր տրամադրութիւնը պիտի բարձրացնէ: Տխուր անցեալի մասին մի՛ մտածէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Վիճակահանութեան տոմս մը կրնայ բախտաւորել ձեզ: Գոնէ յոյսով կ՛ապրիք: Բախտախաղէ հեռու մնացէք, բայց անմեղ վիճակախաղերը տրամադրութիւն կը բարձրացնեն: Փորձեցէք:

