Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Անկախութեան Տօնակատարութիւնն Ու ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւնները

0806badani-(2)«Եռագոյն դրօշ ծալքերով վէտ-վէտ,
Բարձրէն, մի՛շտ բարձրէն ծածանի յաւէտ,
Դուն խորհրդանիշ ազատ հայութեան,
Կեցցէ՛ ՀՅԴ եւ ցեղն մեր Հայկայ»:

Եռագոյն դրօշը բարձր պահեցին ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւնները ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի քարոզչական մարմինին նախաձեռնած բոլոր ձեռնարկներուն, որոնք կազմակերպուած էին շրջաններու կոմիտէներուն կողմէ, 27 մայիսէն 31 մայիս երկարող շաբթուան ընթացքին:

Այսպէս, երեքշաբթի, 27 մայիսին   «Փոլիկարպոս» շրջանի «Խորէն Այնթէպլեան» կառատան մէջ շրջանի կոմիտէներուն կազմակերպած ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին «Ռոստոմ» եւ «Գէորգ Չաւուշ» պատանեկան միութիւնները` «Սարդարապատ» յաղթերգով:
0806badani-(3)Այնճարի մէջ, չորեքշաբթի, 28 մայիսին, «Յառաջ» պատանեկան միութեան երէցները շրջանի կոմիտէին կազմակերպած ձեռնարկին մասնակցեցան «Թուղթ առ Երեւան» ներկայացումով, իսկ կրտսերները ներկայացուցին «Հայաստանը դու ես» երգը եւ ձեռնարկը փակեցին «Սարդարապատ» յաղթերգով: «Քրիստափոր» պատանեկան միութենէն Անժելինա Սարգիսեան ասմունքեց Գէորգ Էմինի «Մենք» բանաստեղծութիւնը, հինգշաբթի, 29 մայիսին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին կից կազմակերպուած ձեռնարկին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ «Քրիստափոր», «Զաւարեան» եւ «Հրայր Դժոխք» պատանեկան միութիւնները` «Սարդարապատ» յաղթերգով: Յաջորդող ձեռնարկներուն «Աղբալեան» եւ «Գարեգին Նժդեհ-Սերգէյ» պատանեկան միութիւնները ուրբաթ, 30 մայիսին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ կայացած ձեռնարկը դարձեալ փակեցին «Սարդարապատ» յաղթերգով, իսկ շաբաթ, 31 մայիսին, Ֆանարի մէջ կայացած ձեռնարկին «Նաւասարդեան» պատանեկան միութիւնը ներկայացուց «Պիտի գնանք» երգը: Սոյն ձեռնարկին «Արմէն Գարօ» եւ «Կոմս» պատանեկան միութիւնները նաեւ կրպակով մը իրենց ներկայութիւնը հաստատեցին շրջանին մէջ:

0806badani-(4)Վերոնշեալ բոլոր ձեռնարկներուն, իր մասնակցութիւնը բերաւ եւ ներկաներուն հիացմունք պատճառեց ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու «Մարզական խումբ»-ը` քունկ ֆուի ցուցադրութեամբ: Սոյն «Մարզական խումբ»-ը շարունակելով իր խրոխտ քայլերը` նաեւ արշաւեց եւ ներկայացուց քունկ ֆուի ցուցադրական նմուշ մը Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին մէջ,  կիրակի, 1 յունիսին, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած Մայիսեան փառատօնի ընթացքին: Մօտ 70 պատանիներու այս տողանցքը, ընկերակցութեամբ «Սերոբին եւ Սօսէին» շեփորախմբային կատարողութեան, առաջնորդուած էր 1897-ի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պանծալի արշաւանքներէն` Խանասորի արշաւանքի դրօշով եւ ոգեւորուած` «Մահ կամ Ազատութիւն» անոր նշանաբանով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES