Համազգայինի «Արեգ» Թատերական Դպրոցի Աշակերտներուն Այցելութիւնները «Վանայ Ձայն» Եւ «Լ. Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ

arek-(1)_Tutunjian-Art-GalleryՈւրբաթ, 6 եւ շաբաթ, 7 յունիս 2014-ին Համազգայինի «Արեգ» թատերական դպրոցի պատասխանատու, բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեանի գլխաւորութեամբ, «Ն. Աղբալեան» եւ «Լ. Շանթ» կեդրոններուն մէջ գործող «Արեգ»-ի աշակերտները այցելեցին «Շաղզոյեան» կեդրոն: Երկու օրերու ընթացքին աշակերտները այցելեցին Համազգայինի «Լ. Թիւթիւնճեան» ցուցասրահ, ուր կը ցուցադրուին Համազգայինի «Թ. Ռոսլին» ակադեմիայի ուսուցիչներու եւ աշակերտներու անչափ տպաւորիչ գեղանկարչական աշխատանքները:

arek-(2)_Voice-of-Van«Արեգ»-ի աշակերտները այցելեցին նաեւ «Վանայ ձայն», ուր ծանօթացան ձայնասփռումի տաղաւարներուն, ձայնադարանի եւ խմբագրական բաժիններու աշխատանքներուն: Նմանօրինակ ձեռնարկները տպաւորիչ դասեր են, որոնք մաս կը կազմեն «Արեգ»-ի տեսական եւ գործնական կանոնաւոր ծրագիրին: Սովորութիւն դարձած այցելութիւններով կ՛ամբողջանայ «Արեգ»-ի 2013-2014 ուսումնական տարեշրջանի գործունէութիւնը:

Համազգայինի «Լ. Շանթ» եւ «Ն. Աղբալեան» կեդրոններուն մէջ գործող, արդէն եռամեայ «Արեգ» թատերական դպրոցը հայ թատերասէր աշակերտին նախաքայլն է դէպի բեմ:

2014-2015 ուսումնական տարեշրջանի վերամուտին վերոյիշեալ զոյգ կեդրոններուն մէջ «Արեգ» դպրոց կրնան ընդունուիլ 7-15 տարեկան թատերասէրները:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Share this Article
CATEGORIES