Մարդկային Յատկանիշներ. Ինչպէ՛ս Ժպիտ Մը Փրկած Է Անթուան Տը Սենթ Էկզիւփերիի Կեանքը
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
«ՀԻՒԱՆԴՆԵՐՈՒՆ ՏՐՈՒԱԾ ԽՆԱՄՔԸ, ՎՏԱՐԵԱԼՆԵՐՈՒՆ ՑՈՒՑԱԲԵՐՈՒԱԾ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ, ՆԵՐՈՂԱՄՏՈՒԹԻՒՆԸ ԻՆՔՆԻՆ ՈՉ ՄԷԿ ԱՐԺԷՔ ՈՒՆԻՆ` ԱՌԱՆՑ ԱՐԱՐՔԸ ԼՈՒՍԱՒՈՐՈՂ ԺՊԻՏԻ ՄԸ», ԳՐԱԾ Է ԱՌԱՍՊԵԼԻ ԿԱՐԳ ԱՆՑԱԾ ԳՐԱԳԷՏԸ: «ՊՐԷՅՆՓԻՔԻՆԿԶ» ԿԱՅՔԻ ԽՄԲԱԳԻՐ ՄԱՐԻԱ ՓՈՓՈՎԱ Կ’ԱՐԺԵՒՈՐԷ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՑՆՑԻՉ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ԱՌԻԹՈՎ ԱՆՈՐ ԽՐԱԽՈՒՍԻՉ ԵՒ ՆԵՐՇՆՉՈՂ ՄԷԿ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆԸ` ՄԵՐ ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ՄԱՐԴԿԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ:
Թէեւ Տարուինէն սկսեալ հաւանաբար բազմաթիւ ուսումնասիրողներ ճիգ թափած են պեղելու ժպտելու գիտութիւնը, սակայն մարդկային այս պարզ արտայայտութեան խորքը կը մնայ բնազանցական արուեստ մը, որ ամէնէն աւելի գեղեցիկ եւ առինքնող ձեւով կ’արտացոլայ Անթուան տը Սենթ Էկզիւփերիի «Լեթըր թու է հոսթէյճ» (նամակ` պատանդի մը) գիրքին մէջ. շքեղօրէն մշակուած կարճ յուշագրութիւն մը, զոր ան սկսած է գրել 1940¬ի դեկտեմբերին, «Լիթըլ փրինս»¬ը (փոքրիկ իշխան) գրելէն երկու տարի ետք, եւ որուն մէջ ան նաեւ կը խորհրդածէ, թէ Սահարայի անապատը ի՛նչ կը սորվեցնէ մեզի կեանքի իմաստին մասին (նշեալ նիւթին վերաբերեալ «Պրէյնփիքինկզ»¬ի մէկ ակնարկը թարգմանաբար լոյս տեսաւ մարտ 21¬ի այս էջով, «Ա.»):
Գլուխի մը տակ, որուն վերնագիրը` «Ինչ որ հիմնական է, անտեսանելի է աչքին» հետագային պիտի դառնար «Փոքրիկ իշխան»¬ի ամէնէն հռչակաւոր տողը, Սենթ Էկզիւփերի հարց կու տայ.
«Կեանքը ինչպէ՞ս կը կառուցէ այն ուղիները, որոնք մեզ կենդանի կը պահեն»:
Եւ կ’աւելցնէ.
«Իրական հրաշքները աղմուկ չեն բարձրացներ. հիմնական իրադարձութիւնները այնքա՜ն պարզ են»:
Սենթ Էկզիւփերիի կեանքին մէջ հիմնական նման իրադարձութիւն մը կ’առնչուի պարզ ժպիտի մը սովորական հրաշքին հետ. շնորհ մը, զոր ան բանաստեղծական ձեւով կը նկարագրէ իբրեւ «արեւուն հաստատ մէկ հրաշքը, որուն իրագործումը շատ դժուար եղած էր եւ միլիոնաւոր տարիներ տեւած էր, մեր ընդմէջէն ծնած էր ժպիտի այդ յատկանիշը, որ կատարեալ յաջողութիւն մըն էր», գրած է ան` անգամ մը եւս ոգեկոչելով «Փոքրիկ իշխան»¬ին ոգին խտացնող տողը.
«Հիմնականը շատ յաճախ կշիռ չունի: Հիմնականը յայտնապէս սոսկ ժպիտ մըն է: Յաճախ ժպիտն է հիմնականը: Ժպիտով կարելի է վճարել, ժպիտով կարելի է վարձատրել, կայ ժպիտ, որ կրնայ նոյնիսկ մահ պատճառել»:
Իրօք, գիրքին յաջորդ գլուխին մէջ Սենթ Էկզիւփերի կը պատմէ դէպք մը, երբ ժպիտը վճռած է մահու կենաց հարց մը. ի՛ր մահու կենաց հարցը: Երբ Սպանիոյ մէջ իբրեւ լրագրող կը տեղեկագրէր երկրին քաղաքացիական պատերազմին մասին, յանկարծ գիշեր մը շրջապատուած էր եւ զէնքի փողեր խրած էին ստամոքսին: Ըմբոստ զինեալներ գաղտագողի պաշարած էին զինք եւ մթութեան քողին տակ զինք ձերբակալած էին` «հանդիսաւոր լռութեան մէջ»: Անոնք իրենց աչքերը յառած էին իր փողկապին. «պերճանք մը, որ խեթ աչքով կը դիմաւորուէր անիշխանականներու կողմէ», փոխանակ` նայելու դէմքին: Էկզիւփերի կը շարունակէ.
«Դէմքս պրկուեցաւ: Սպասեցի հարուածին: Արագ գնդակահարումի ժամանակներն էին: Սակայն ոչ ոք կրակեց: Քանի մը երկվայրկեան տիրեց բացարձակ լռութիւն, որուն ընթացքին իւրաքանչիւր շարժում պար մը կը թուէր ըլլալ տարբեր տիեզերքի մը մէջ, երազային պալէ մը, որ կը պարէին իմ անիշխանականներս` թեթեւօրէն հակելով իրենց գլուխը, ակնարկելով, որ առջեւ անցնիմ: Այսպէս, ճամբայ ելանք առանց աճապարելու, կտրելով խաչմերուկին գիծերը: Ձերբակալութիւնը տեղի ունեցած էր կատարեալ լռութեան մէջ, արտասովոր նուազագոյն շարժումով: Կարծէք ովկիանոսին յատակը ապրող արարածներու խաղ մը ըլլար»:
«Շուտով իջայ նկուղ մը, որ վերածուած էր պահականոցի: Աղօտ լոյս մը կը պլպլար կանթեղի մը մէջ: Զինեալներ կը մրափէին` զէնքը իրենց ոտքերուն միջեւ: Ոմանք միապաղաղ ձայնով քանի մը բառ փոխանակեցին զիս առաջնորդող զինուորներուն հետ: Զինեալ մը խուզարկեց զիս»:
Սենթ Էկզիւփերի սպաներէն չէր խօսեր, սակայն բաւարար չափով քաթալաներէն գիտէր` հասկնալու համար, թէ իր ինքնութեան փաստաթուղթերը կը պահանջուէին: Ան փորձած էր հաղորդակցիլ զինք ձերբակալողներուն հետ եւ ըսել, թէ փաստաթուղթերը ձգած էր պանդոկին մէջ, թէ` լրագրող մըն էր, սակայն անոնք յօրանջելով եւ առանց որեւէ արտայայտութեան ձեռքէ ձեռք անցուցած էին իր լուսանկարչական գործիքը: Մթնոլորտը, ի զարմանս իրեն, չէր համապատասխաներ անիշխանական զինեալներու բանակավայրի մը:
«Տիրող տպաւորութիւնը ձանձրոյթն էր. ձանձրոյթն ու թմրութիւնը: Կը թուէր, թէ այս մարդոց կեդրոնանալու կարողութիւնը սպառած էր: Կ’ակնկալէի գէթ թշնամութեան նշան մը` իբրեւ մարդկային կապի արտայայտութիւն: Սակայն… անոնք իրենց աչքերը վրաս սեւեռած էին առանց արտայայտութեան, կարծէք կը դիտէին չինական ձուկ մը` ձկնարանի մը մէջ», կը գրէ ան:
(Կարելի է հարց տալ, թէ արդեօք հաղորդակցութեան այս ցանկութիւնը, ինչ որ ալ ըլլայ անոր բնոյթը կամ գինը, մարդկային վիճակին յատուկ տիեզերակա՞ն ցանկութիւն մըն է, գերբնական արարածներու յատուկ այն բնազդին պէս, որ թշնամութեան թոյնը կը թափէ` իբրեւ սեփական անզգամութեան եւ գոյութենական ձանձրոյթի հակաթոյն: Հաւանաբար յարձակողական կեցուածքը հաղորդակցելու միակ միջոցն է անոնց կարողութեան սահմաններուն մէջ. միջոց մը, որուն կարիքը կը զգան ընդոստ բուռն պահանջով մը):
Տանջալից պահ մը դիտելէ ետք զինք կալանաւորած զինեալները, որոնք աննպատակ նստած էին, Սենթ Էկզիւփերի աստիճանաբար կը կորսնցնէ իր համբերութիւնը եւ կը ձգտի հաղորդակցութեան կապ մը հաստատել` գէթ իր ներկայութեան ճանաչումը հաստատելու համար: Ան կը նկարագրէ խորապատկերը այն հրաշքին, որ պիտի պատահէր.
«Ներկայութեանս իրական կշիռ մը տալու ցանկութեամբ, տարօրինակ կարիքը զգացի պոռալու բան մը իմ մասիս` պարտադրելու համար ներկայութեանս ճշմարտութիւնը. օրինակ` տարիքս: Տպաւորիչ է. մարդու տարիքը: Անիկա կը խտացնէ ամբողջ կեանք մը: Ցոյց կու տայ հասունութիւն մը, որ երկար ժամանակի արդիւնք է, զարգացած է` բազմաթիւ արգելքներ յաղթահարելով, բազմաթիւ լուրջ հիւանդութիւններու դարմանումով, վիշտերու դիմագրաւումով, յուսահատութիւններու շրջանցումով, բազմաթիւ վտանգներ անգիտակցաբար անցընելով: Տարիք մը, որ աճած է բազմաթիւ ցանկութիւններով, յոյսերով, զղջումներով, սխալներով եւ սէրերով: Մարդու տարի՛քը. անիկա կը ներկայացնէ փորձառութիւններու եւ յիշողութիւններու պատկառելի կշիռ մը: Հակառակ փորձութիւններու, ցնցումներու եւ միօրինակութեան` մարդը կը շարունակէ հաստատ քայլերով առաջ ընթանալ` կառք մը քաշող ձիու մը պէս»:
Սենթ Էկզիւփերի երեսունեօթ տարեկան էր այդ ժամանակ:
Իսկ ինչ որ յաջորդած էր բանակավայրին մէջ, ոչ մէկ կապ ունէր տարիքի իրագործումի, հասունութեան կշիռի կամ ինքզինք հաստատող որեւէ այլ դիտաւորումի հետ: Փոխարէնը` անիկա մղուած էր մարդկայնութեան ամէնէն պարզ եւ ամէնէն խորախորհուրդ հասարակաց երեւոյթէ մը:
«Ապա պատահեցաւ հրաշքը: Ո՜հ, շատ թաքուն հրաշք մը: Ծխախոտ չունէի: Պահակներէն մէկը կը ծխէր: Գլուխով նշան ըրի` ժպիտ մը ուրուագծելով դէմքիս վրայ եւ արտայայտելով ծխախոտ մը ունենալու ցանկութիւնս: Մարդը նախ պրկեց մարմինը եւ երկարեց թեւերը, մատները տարաւ յօնքերուն, վեր բարձրացուց աչքերը, այլեւս կը նայէր ոչ թէ փողկապիս, այլ` դէմքիս, եւ մեծ զարմանք պատճառելով ինծի` փորձեց ժպտիլ: Կարծէք արշալոյսը բացուեցաւ»:
«Այս հրաշքը ոչ թէ եզրափակեց ողբերգութիւնը, այլ ամբողջութեամբ վերացուց զայն, ինչպէս լոյսը կը վերացնէ շուքը: Ողբերգութիւն չէր պատահած: Այս հրաշքը տեսանելի ոչինչ շրջեց: Պլպլացող կանթեղը, թուղթերով ծածկուած սեղանը, պատին յենած մարդիկը, գոյները, հոտերը, ամէն ինչ մնաց անփոփոխ: Այսուհանդերձ, ամէն ինչ փոխուած էր հիմնովին: Այդ ժպիտը փրկեց զիս: Նոյնքան վախճանական էր եւ նոյնքան բացայայտ իր ապագայ անդրադարձներով, նոյնքան անփոփոխ, որքան` ծագող արեւը: Անիկա կը նշէր նոր դարասկիզբ մը: Ոչինչ փոխուած էր եւ ամէն ինչ փոխուած էր: Թուղթերով ծածկուած սեղանը կենդանացաւ: Կանթեղը կենդանացաւ: Պատերը կենդանացան: Ձանձրոյթը, որ այդ նկուղին մէջ կը հոսէր իւրաքանչիւր անկենդան իրէ, կարծէք թեթեւցաւ կախարդական հպումով մը: Կը թուէր, թէ արեան անտեսանելի երակ մը դարձեալ սկսած էր հոսիլ նոյն մարմնին մէջ եւ իրարու կապել ամէն ինչ` վերահաստատելով անոնց կարեւորութիւնը»:
«Մարդիկը կը մնային անշարժ: Թէեւ տակաւին վայրկեան մը առաջ կը թուէր, թէ անոնք նախնադարեան արարածներու նման հեռու էին ինձմէ, սակայն այժմ մաս կը կազմէին ժամանակակից կեանքին: Ներկայութեան արտասովոր զգացումը կ՛ապրէի: Կար ինքնին ներկայութիւնը, եւ կը գիտակցէի կապի մը գոյութեան»:
«Տղան, որ ժպտած էր, եւ որ մինչեւ քանի մը վայրկեան առաջ պարզապէս դերակատար մըն էր, գործիք մըն էր, տեսակ մը հրէշային միջատ մըն էր, այժմ աւելի ապիկար, գրեթէ երկչոտ, հրաշալիօրէն երկչոտ… ահաբեկիչ մըն էր: Նուազ դաժան չէր միւսներէն, սակայն իր մէջ մարդկայնութեան յայտնութիւնը լոյս մը սփռած էր իր խոցելի կողմին վրայ: Մենք` տղամարդիկս, մեծամիտ հովեր կ՛առնենք, սակայն մեր սրտին խորը կը զգանք վարանում, կասկած եւ վիշտ»:
«Ոչ մէկ բառ արտասանուած էր, սակայն ամէն ինչ լուծուած էր»:
Սենթ Էկզիւփերի նկարագրութիւնը կ՛աւարտէ` խորհրդածելով այս պարզ արարքին` մարդկային ժպիտին կենսատու ուժին մասին.
«Հիւանդներուն տրուած խնամքը, վտարեալներուն ցուցաբերուած հիւրընկալութիւնը, ներողամտութիւնը ինքնին ոչ մէկ արժէք ունին` առանց արարքը լուսաւորող ժպիտի մը: Ժպիտով կը հաղորդակցինք լեզուներէն, խաւերէն եւ խմբաւորումներէն անդին: Հաւատարիմ հետեւորդներն ենք նոյն եկեղեցիին, իւրաքանչիւրս` իր սովորութիւններով»:
«Լեթըր թու է հոսթէյճ»¬ը ինքնին ընթերցանութեան հոյակապ նիւթ մըն է իր ամբողջութեան մէջ, զոր գրելէ չորս տարի ետք Սենթ Էկզիւփերի անվերադարձ կորսուցեաւ Պիսքէյի ծոցին վերեւ: Ժողովրդային առասպելի համաձայն, Հորսթ Ռիփըրթ` գերմանացի օդաչուն, որ կրակած էր գրագէտին օդանաւին վրայ, լացած էր` լսելով անոր անհետացումին լուրը. Սենթ Էկզիւփերի անոր նախասիրած գրագէտն էր: Պատերա՛զմ. հաղորդակցութեան ի՜նչ ողբերգական միջոց:

