«Թեաթրոն» Թատերախումբը Ներկայացուց «Գիշեր Բարի Մամ» Թատերախաղը

0806tadron30 եւ 31 մայիսին եւ 1, 7 եւ 8 յունիսին «Ժըմմէյզէ թատերասրահ»-ին մէջ «Թեաթրոն» թատերախումբը հանրութեան ներկայացաւ Մարշա Նորմանի «Գիշեր բարի մամ» թատերախաղով, բեմադրութեամբ` Սուրէն Խտըշեանի:

Թատերախաղը 70 վայրկեան տեւողութեամբ երկխօսութիւն մըն է մօր (Գոհար Քերոբեան) եւ աղջկան (Շաղիկ Մայիսեան-Խտըշեան) միջեւ:

Նիւթը կնկայ ինքնութեան մասին է, թէ կինը ընկերութեան մէջ ինչպէ՛ս ընդունուած է եւ կ՛ուզէ բան մը փոխել, բայց չի յաջողիր: Մայրը ընդունած է կեանքը ինչպէս որ է, սակայն Շաղիկ դէմ կ՛ելլէ եւ չ՛ընդունիր շրջապատը. միակ փրկութիւնը կը տեսնէ անձնասպանութեան մէջ: Ան կը մերժէ իր ինքնութիւնը, կը քանդէ կնկայ ինքնութեան յոյսը եւ անձնասպանութիւնը կը նկատէ շնորհ եւ խորհուրդ:

«Մամ, ես քիչ ետք անձնասպան պիտի ըլլամ…», նախադասութիւն մը, որուն կը յաջորդէ երկխօսութիւնը, որուն ընթացքին մայրը կը մատնանշէ ամէն սխալ բան, որ պատահած է աղջկան կեանքին մէջ` համոզելով, որ ան ետ դառնայ իր որոշումէն եւ անձնասպան չըլլայ: Սակայն ապարդիւն:

Պէտք է նշել, որ Գոհար եւ Շաղիկ կրցան մարմնաւորել իրենց վստահուած դերը` արժանանալով հանդիսատեսներու գնահատանքին:

Share this Article
CATEGORIES