Իրավիճակը Հալէպի Մէջ. Սիւլէյմանիէի Մայր Փողոցին Վրայ Կատարուած Հրթիռարձակումին Պատճառով Զոհուեցաւ Կարօ Աստուրեանը
«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ շաբաթ, 7 յունիս 2014-ին, երեկոյեան մօտ ժամը 7:00-ին, Սիւլէյմանիէ շրջանը հրթիռի մը թիրախ դարձած է: Աշխուժ եռուզեռ ունեցող Սիւլէյմանիէի մայր փողոցի քառուղիին վրայ գտնուող Զինուորական քաղաքական (երկրորդ գրասենեակ) կեդրոնին մօտ հրթիռ մը ինկած է եւ պայթած: Հրթիռարձակումին պատճառով զոհուած է 1982-ի ծնունդ Կարօ Աստուրեան:
Արձանագրուած են նաեւ վիրաւորներ, որոնց կարգին նաեւ հայեր` Պայծիկ Մելքոնեան-Չերչեան եւ Յակոբ Սեմերճեան:
Կարօ Աստուրեան անդամ էր ՀՄԸՄ-ի եւ մաս կը կազմէր շեփորախումբին` իբրեւ նուագող, ապա` պատասխանատու:
Կարօ Աստուրեանի թաղմանական կարգը տեղի ունեցած է երէկ` կիրակի, 8 յունիս 2014-ին, յետմիջօրէի ժամը 1:00-ին, Հալէպի Հայ առաքելական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:
Ջուրը Սիւլէյմանիէ Շրջանի Բնակիչներուն Համար
Ազգային Կիւլպենկեան Վարժարանէն Կը Մատակարարուի
Հալէպի բնակչութիւնը կը շարունակէ դիմագրաւել կենցաղային դժուարութիւններ, որոնց շարքին` ջուրի տագնապը:
Չորս օրէ ի վեր Հալէպի մէջ ջուրի անջատումին պատճառով հերթաբար, ջրամատակարարում կը կատարուի քաղաքի զանազան շրջաններուն մէջ: Պետական ծառայողական կողմեր` իբրեւ ժամանակաւոր լուծում, ջուրի մատակարարում կը կատարեն քաղաքի կարգ մը շրջաններուն մէջ:
Քաղաքի տարբեր կառոյցներու, որոնց կարգին` հայկական ակումբներու եւ կեդրոններու մէջ եւս կը շարունակուի ջուրի մատակարարման ծառայութիւնը:
Ըստ «Բերիոյ նիուզ»-ին, յատկապէս Սիւլէյմանիէ շրջանին մէջ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնի խնամակալութեան հովանաւորութեամբ ջրամատակարարում տեղի կ՛ունենայ Ազգային Կիւլպենկեան վարժարանէն:
Հազարաւոր բնակիչներ անխտիր առանց կարգ ու կանոնը խախտելու ամէն օր կը ստանան իրենց ուզած քանակի ջուրը անվճար: Այն օրը, որ ջուրի տագնապ կ՛ըլլայ քաղաքին մէջ, «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնի տղաքը հերթականօրէն 7-8 ժամ տեւողութեամբ ջուր կը բաժնեն: Այս օրերուն ջրամատակարարում տեղի կ՛ունենայ նաեւ Նոր Գիւղի բնակիչներուն:

