Հայկական Տոհմիկ Օր` Լիբանանի Մէջ Գործող Հայրենակցական Միութիւններու Մասնակցութեամբ

0806hayrenagՆախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան եւ կազմակերպութեամբ Լիբանանի մէջ հայրենակցական միութիւններու աշխատանքը համակարգող մարմինին, երէկ` կիրակի, 8 յունիսի կէսօրուան ժամը 1:00-էն 3:00, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական տոհմիկ օր` մասնակցութեամբ Լիբանանի մէջ գործող հայրենակցական միութիւններուն, ինչպէս` Ուրֆա, Քեսապ, Ամանոս, Սասուն, Մուսա Լեռ, Համախարբերդ, Բալու, Մարաշ, Պերեճիկ, Տիգրանակերտ եւ Լափաշ:

Մարալ Հարպոյեան

Մարալ Հարպոյեան

Շահէ եպս. Փանոսեան

Շահէ եպս. Փանոսեան

Կազմակերպիչ մարմինին անունով Մարալ Հարպոյեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն նկատել տուաւ, որ հայրենակցական միութիւնները ուղղակի ձայնն են իւրաքանչիւր հայու, որ կը հետապնդէ իր նիւթական կամ բարոյական իրաւունքները` աւելցնելով, որ հայրենակցական միութիւններուն դերը մեծ է մեր ազգային պահանջատիրութեան երթին մէջ:

«Ձեր գործակցութեամբ կրնանք սաստարել մեր իրաւունքներու պահանջատիրութեան կանչին եւ մեր նոր սերունդներուն մէջ սերմանել դէպի մեր արմատը երթալու գաղափարախօսութիւնը», եզրափակեց Մարալ Հարպոյեան:

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան խօսք առնելով յայտնեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրեակին, մենք հայրենապանծ զգացումներով, հոգեւոր աչքերով կը փորձենք վերականգնել մեր գիտակցութեան մէջ այն բոլոր բարքերը, որոնց կապուած ենք արմատներով, ինքնութեամբ, նկարագիրով եւ շատ մը իւրայատկութիւններով, զորս միայն մենք կրնանք վերլուծել եւ ըմբռնել: Սրբազանը նկատել տուաւ, որ մեր հաւաքական գիտակցութեան շնորհիւ հայրենիքը իր տարբեր իմաստներով կ՛ապրի մեր մէջ, որովհետեւ երբ հայրենապանծ զգացումներով կը փորձենք վերապրիլ այն, ինչ որ իւրայատուկ է մեզի, մեր գիտակցութեան մէջ կը վերակենդանանան այն արժէքները, որոնք բնականօրէն մեր սրտին մէջ գոյութիւն ունին:

0806hayrenag4«Հայրենիքը մեր մէջ չէ մեռած եւ չի կրնար մեռնիլ, այնքան ատեն որ մենք զայն կ՛ապրեցնենք մեր մէջ եւ գիտենք մեր հայրենական յիշատակներով վերականգնել ու վերադասաւորել մեր կեանքը, սփիւռքեան ամէն տեսակի մթնոլորտի եւ միջավայրի մէջ», եզրափակեց առաջնորդ սրբազանը` ողջունելով եւ գնահատելով աշխատանքը Լիբանանի մէջ գործող բոլոր հայրենակցական միութիւններուն, որոնք իրենց ներդրումներով կ՛ապրեցնեն հայրենիքը:

Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցաւ «Հայ պար» պարախումբը, գեղարուեստական ղեկավար` Շահէ Տեմիրճեան:

Այնուհետեւ ներկաները շրջեցան սրահին մէջ տեղադրուած իւրաքանչիւր հայրենակցական միութեան տրամադրուած բաժինը եւ համտեսեցին իւրաքանչիւրին հրամցուցած աւանդական ճաշերը, քաղցրեղէնները եւ դիտեցին անոնց ձեռագործները, ինչպէս նաեւ գնեցին վաճառքի դրուած ճաշերը:

 

Share this Article
CATEGORIES