Թուրքիա Եւ Ազրպէյճան Մօտիկ Ապագային Միացեալ Ռազմափորձ Պիտի Կատարեն
Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով զինուորական աղբիւրներ, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի բանակները մօտիկ ապագային կը ծրագրեն միացեալ ռազմափորձ կատարել Ազրպէյճանի մէջ:
Ռազմափորձը, որուն Ազրպէյճան պիտի մասնակցի գումարտակի, իսկ Թուրքիա` վաշտի մակարդակով, պիտի կատարուի երկու երկիրներուն միջեւ զինուորական համագործակցութեան մասին համաձայնագիրի ծիրին մէջ:
Ռազմափորձին նպատակը երկու երկիրներու զինեալ ուժերուն միջեւ բարեկամութեան եւ համագործակցութեան ամրապնդումն ու զարգացումն է:
Ռազմափորձին թուականը յստակ չէ:
CATEGORIES Միջազգային

