Ըստ Իսրայէլացի Պաշտօնատարի Մը. Իսրայէլ Ձախողութեան Մատնած Է Արաբական Վարչակարգեր Տապալելու Եւ Անոնց Ղեկավարները Ահաբեկելու Ծրագիրներ

Պեն Քասփիթ
Իսրայէլացի ականաւոր փորձագէտ մը յայտնեց, որ «իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութիւնը անցեալին օժանդակած է գոյութիւն ունեցող կարգ մը արաբական վարչակարգերու տապալման եւ անոնց ղեկավարներու ահաբեկման ծրագիրներու ձախողութեան»:
Պեն Քասփիթ, որ ծանօթ է Թել Աւիւի մէջ քաղաքական եւ ապահովական վերնախաւին հետ իր սերտ յարաբերութիւններով, «Ալ-Մոնիթըր» կայքին վրայ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութիւնները յարմար պահու արաբական վարչակարգերու տապալման եւ անոնց ղեկավարներու ահաբեկման մասին տեղեկութիւններ փոխանցած են, ինչ որ նպաստած է նշեալ վարչակարգերու եւ ղեկավարներու պահպանման:
Ան կը նշէ, որ Ծոցի արաբական երկիրներուն հետ գաղտնի հաղորդակցութիւններն ու միացեալ ապահովական եւ ռազմավարական գործակցութիւնը վերջին շրջանին բոլոր մրցանիշները շրջանցած է:
Քասփիթ կը յայտնէ, որ Ծոցի արաբական երկիրները Իսրայէլի հետ այս տարողութեամբ գաղտնի համագործակցութեան մղող ազդակներն են սիւննի իսլամական շարժումներուն, մասնաւորաբար Իսլամ եղբայրներուն դէմ պայքարելու հասարակաց շահը, ինչպէս նաեւ Իրանի հիւլէական թղթածրարը: Այս ազդակները Իսրայէլի եւ արաբական, մասնաւորաբար Ծոցի երկիրներուն հետ ապահովական համակարգումն ու ռազմավարական գործակցութիւնը մղած են սովորականէն դուրս իրականութիւն մը, որուն կը մասնակցին ապահովական եւ գաղտնի սպասարկութեան մարմիններու մէջ գործող բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, ինչպէս նաեւ այս գծով տեղի կ՛ունենան քաղաքական մակարդակի վրայ հանդիպումներ: Ան կ՛աւելցնէ, որ Իսրայէլի եւ արաբական պետութեանց, մասնաւորաբար Ծոցի երկիրներուն միջեւ «սերտ դաշնակցութիւն» մը գոյութիւն ունի:

