Տիգրանակերտի Մէջ Երկու Քիւրտ Ցուցարարներ Սպաննուեցան
«Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ թուրք ոստիկանները Տիգրանակերտ նահանգին մէջ տեղի ունեցած անկարգութիւններու ընթացքին սպաննած են երկու քիւրտ ցուցարարներ:
Քանի մը հարիւր ցուցարարներ բողոքած են շրջանին մէջ զինուորական անցարգելներու կառուցման դէմ եւ քոքթել մոլոթովներ նետած իրաւապահ մարմիններու աշխատակիցներուն վրայ:
Ի պատասխան` ոստիկանները կրակ բացած են: Անկարգութիւններուն պատճառով վիրաւորուած է ոստիկան մը:
Տիգրանակերտի մէջ արդէն քանի մը շաբաթէ ի վեր բողոքի ցոյցեր տեղի կ՛ունենան: Ցուցարարները կը փակեն նահանգի մեծ մայրուղիները: Նահանգի բնակչութեան մեծամասնութիւնը քիւրտեր են:
CATEGORIES Միջազգային

