Փորոշենքօ. «Խրիմը Ուքրանիոյ Կը Պատկանի Եւ Այդպէս Պիտի Մնայ»

Փիոթըր Փորոշենքօ

Փիոթըր Փորոշենքօ

Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթըր Փորոշենքօ խորհրդարանի (Գերագոյն ռատայի) մէջ ուքրանացի ժողովուրդին հաւատարմութեան երդում տալէ ետք յայտարարեց, որ Խրիմը Ուքրանիոյ կը պատկանի եւ այդպէս պիտի մնայ:

«Ես յստակօրէն ատիկա երէկ Նորմանտիի մէջ ըսի ռուսական ղեկավարութեան. Խրիմը Ուքրանիոյ կը պատկանի եւ այդպէս պիտի մնայ: Վերջակէտ», յայտարարեց Փորոշենքօ:

«Ոչ մէկու հետ կարելի է փոխզիջում կատարել Խրիմի, եւրոպական ընտրութեան եւ պետական կառուցուածքի հարցին մէջ», աւելցուց ան:

Մնացեալ ամէն ինչ, ըստ անոր, պէտք է քննարկուի եւ որոշուի բանակցութիւններու սեղանին շուրջ:

Փորոշենքօ յայտարարած է նաեւ, որ պատրաստ է ստորագրելու Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիրը:

«Անհրաժեշտ է կարելի եղածին չափ շուտ ստորագրել Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիրը. անմիջապէս այն բանէն ետք, երբ Եւրոպական Միութիւնը ընդունի որոշումը, պատրաստ եմ ստորագրելու», ըսաւ ան:

Փորոշենքօ նաեւ յոյս յայտնեց, որ Ուքրանիան մաս կազմէ Եւրոպական Միութեան եւ ըսաւ, որ Ընկերակցութեան մասին համաձայնագիրը կը դիտուի իբրեւ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու հեռանկար:

Տոնեցք Իր Բարձրագոյն Խորհուրդի
Փոխնախագահի Ահաբեկման Համար
Կ՛ամբաստանէ Քիեւը

Տոնեցքի բարձրագոյն խորհուրդի փոխնախագահ Մաքսիմ Փեթրուխին ահաբեկուեցաւ: Անծանօթ զինեալներ կրակ բացին անոր վրայ, մինչ ան կը գտնուէր «Թոյոթա Քամրի» տիպի իր ինքնաշարժին մէջ: Ան տեղն ու տեղը մահացաւ:

Տոնեցքի ղեկավարները չբացառեցին, որ գործողութեան իսկական թիրախը ինքնահռչակ Տոնեցքի ժողովրդային հանրապետութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ Տինիս Փոշիլինը ըլլայ:

Անոնք ահաբեկման համար ամբաստանեցին Քիեւը:

 

Share this Article
CATEGORIES