Այսօր Շրջանային Եւ Երկկողմանի Հարցերու Շուրջ Թուրքիա-Միացեալ Նահանգներ Բանակցութիւններ

Ֆրանսիս Ռիքարտոնէ
«Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ»` յղում կատարելով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան, հաղորդեց, որ թուրք եւ ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտներ այսօր եւ վաղը ժողովներ պիտի գումարեն եւ երկկողմանի, շրջանային ու միջազգային հարցերու շուրջ տեսակէտներ պիտի փոխանակեն:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու աշխատանքային այցելութեամբ պիտի մեկնի Միացեալ Նահանգներ, ուր հանդիպում պիտի ունենայ արտաքին գործոց նախարարութենէն, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդէն եւ առնչակից կառոյցներէ պաշտօնատարներու հետ:
Հաղորդագրութիւնը քննարկուելիք հարցերը չէ նշած, սակայն Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ֆրանսիս Ռիքարտոնէ յայտնեց, որ երկու երկիրները կը գործակցին Ուքրանիոյ, Սուրիոյ, Իրաքի, Իրանի հիւլէական թղթածրարին, Կիպրոսի հարցին եւ թուրք-իսրայէլեան յարաբերութեանց բնականոնացման հարցերուն շուրջ:

