Ապպաս Եւ Փերեզ Վատիկանի Մէջ Մասնակցեցան Միացեալ Աղօթքի

Ապպաս, Ֆրանչիսկոս պապը եւ Փերես

Ապպաս, Ֆրանչիսկոս պապը եւ Փերես

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս եւ Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերես երէկ Վատիկանի մէջ մասնակցեցան միացեալ աղօթքի մը` ընդառաջելով Ֆրանչիսկոս պապին հրաւէրին: Երկու քաղաքական ղեկավարներուն կողքին աղօթքին մասնակցեցաւ նաեւ յոյն ուղղափառներու Բարթիղոմէոս տիեզերական պատրիարքը:

Աղօթքները կատարուեցան երեք միաստուածեան կրօններու հաստատման պատմական ժամանակագրութեան կարգով` հրէական, քրիստոնէական, ապա իսլամական:

Ֆրանչիսկոս պապը իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ խաղաղութեան հաստատումը աւելի քաջութիւն կը պահանջէ, քան պատերազմ մղելը:

Վատիկանեան պաշտօնատարներ յայտնեցին, որ պապին հրաւէրին ետին քաղաքական դրդապատճառներ գոյութիւն չունին եւ միացեալ աղօթքէն ետք շօշափելի նախաձեռնութիւն մը չէ նախատեսուած:

 

Share this Article
CATEGORIES