Շէյխ Նայիմ Քասեմ Կոչ Կ՛ուղղէ Համախոհութեան

hez_naiim_kassem_speakingՀըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ երէկ կոչ ուղղեց նախագահական ընտրութիւն կատարելու, աշխատավարձի յաւելումները վաւերացնելու, ինչպէս նաեւ ընտրական նոր եւ արդար օրէնք մը մշակելու:

Շէյխ Քասեմ հաստատեց, որ Հըզպալլա ամէնէն արագ միջոցին կը փափաքի նախագահական ընտրութիւն կատարել, սակայն պէտք է ընդունիլ, որ տակաւին այդ իմաստով ոչինչ յստակ է` համախոհութեան չգոյութեան պատճառով:

Ան կոչ ուղղեց համախոհութեան` շեշտելով, որ եթէ համախոհութիւնը ուշանայ, ապա ատիկա կը նշանակէ, որ նախագահական աթոռը երկար ատեն թափուր պիտի մնայ:

Ուսուցիչներու եւ պետական պաշտօնեաներու աշխատավարձի յաւելումին առումով շէյխ Քասեմ կոչ ուղղեց վաղուան օրէնսդրական նիստին իսկ վաւերացնելու յաւելումները:

Share this Article
CATEGORIES