«Հանրապետութեան Նախագահ Մը Չընտրելը Ճշմարտութեան Եւ Սահմանադրութեան Դէմ Ոտնձգութիւն Է» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

BKM_1360 M.AՄարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին արտասանեց քարոզ մը` նշելով, որ լիբանանեան մակարդակի ճշմարտութիւնը երկրին սահմանադրութիւնն է, եւ հանրապետութեան նախագահ մը չընտրելով անոր դէմ ոտնձգութիւն գործած կ՛ըլլանք:

«Այդ ոտնձգութիւնը այնքան վտանգաւոր է, որ կրնայ անդամալուծել մեր սահմանադրական հաստատութիւնները», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:

Ան շեշտեց, որ երեսփոխանները պատասխանատու են երկրին արժանապատուութիւնը խոցելուն:

Share this Article
CATEGORIES