Հինգ Տարեկան Երեխայ Մը` Բռնաբարուած Եւ Սպաննուած

0806halbaՆերքին ապահովութեան ուժերուն հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, Հալպայի ոստիկանատունը ստացած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը Մահմուտ Օ. անունով քաղաքացիէ մը, որ յայտնած է, թէ իր տղան` 1997-ի ծնունդ լիբանանցի քաղաքացի Ն. Օ. խոստովանած է, թէ ինք սպաննած է 5 տարեկան երեխայ մը եւ զայն նետած  Հալպայի արհեստից դպրոցին կից զետեղուած աղբակոյտին մէջ:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Հալպայի ոստիկանները ուղղուած են նշեալ շրջանը եւ գտած երեխային դիակը:

Աւելի ուշ բացայայտուած է, որ երեխան սուրիացի է, անունը` Մոհամետ Խաուլի. ան բռնաբարուած է եւ ապա սպաննուած Ն. Օ.-ի կողմէ:

Ներքին ապահովութեան ուժերը ձերբակալեցին յանցագործը` գրաւելով այն դանակը, որով սպաննած էր 5-ամեայ երեխան:

Share this Article
CATEGORIES