Ժոմպլաթ. «Սուրիոյ Մէջ Հըզպալլայի Միջամտութիւնը Բարոյական Սխալ Է»
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ իրենք պիտի չընդունին նախագահական թեկնածու Հանրի Հըլուի հաշուոյն բանակցութիւններ կատարել` աւելցնելով, որ նոյնիսկ եթէ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ համաձայնութիւն գոյանայ, ինք Հըլուի թեկնածութիւնը յետս պիտի չկոչէ:
Ժոմպլաթ հաստատեց, որ իրենք կը նկատեն, որ Սուրիոյ մէջ Հըզպալլայի միջամտութիւնը բարոյական սխալ է եւ անհրաժեշտ է կողմնացոյցը ճշդել:
Պէտք է աւելցնել սակայն, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի զօր. Աունի հետ հանդիպումին ընթացքին խորհուրդ տուած է անոր մօտենալու Ժոմպլաթի` հասնելու համար նախագահական աթոռին:
Միւս կողմէ, քուէյթեան «Քապաս» օրաթերթը գրեց, թէ զօր. Աուն մարոնի վերջին ղեկավարն է, որ կրնայ ստանալ Ժոմպլաթի հաւանութիւնը:

