Իտալիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարին Լիբանան Կատարած Երկօրեայ Պաշտօնական Այցելութիւնը

Մոկերինի - Պասիլ հանդիպումէն պահ մը

Մոկերինի – Պասիլ հանդիպումէն պահ մը

Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆետերիքա Մոկերինի շաբաթ, 7 յունիս 2014-ին, պաշտօնական այցելութեամբ մը ժամանեց Պէյրութ:

Պուսթրոս պալատին մէջ Մոկերինի հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանցի իր պաշտօնակիցին` Ժըպրան Պասիլի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին, Պասիլ Լիբանանի կառավարութենէն պահանջեց անմիջապէս մշակել պաշտպանութեան ազգային ռազմավարութիւն մը` պաշտպանելու համար իր հողերը` իսրայէլեան յարձակումներէն եւ ոտնձգութիւններէն:

Պասիլ շեշտեց, որ Լիբանան յանձնառու է հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող իտալական ջոկատին:

«Լիբանան նախանձախնդիր է նաեւ միջազգային որոշումներուն եւ բանաձեւերուն գործադրութեան», ըսաւ Պասիլ` աւելցնելով սակայն, որ Լիբանանի մնայուն ապահովութեան երաշխիքը երկրին բանակն է, որ կարիքը ունի զինումի:

Պասիլ շեշտեց նաեւ, որ Լիբանանի կայունութիւնը ցնցումի ենթակայ է Սուրիոյ տագնապին եւ սուրիացի գաղթականներուն Լիբանան հասնելուն պատճառով: «Հետեւաբար կոչ կ՛ուղղենք Իտալիոյ` Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծման զօրակցելու, որովհետեւ Լիբանան պիտի ըլլայ այդ լուծումէն առաջին օգտուողը», ըսաւ ան:

Իր կարգին, Մոկերինի հաստատեց, որ Իտալիա պիտի օժանդակէ լիբանանեան բանակին, ինչպէս նաեւ պիտի զօրակցի Լիբանանին` սուրիացի գաղթականները դիմաւորելու առումով:

Մոկերինի շեշտեց, որ միջազգային ընտանիքը անհրաժեշտ կը նկատէ լիբանանեան բանակին օժանդակութիւնը` պահպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը:

Անդրադառնալով Սուրիոյ տագնապին լուծման` Մոկերինի շեշտեց, որ իրենք երեք մակարդակի վրայ կ՛աշխատին. ա) Մեծ պետութիւններուն հետ գործակցիլ Սուրիոյ քիմիական զէնքերէն ձերբազատելու նպատակով, բ) յաւելեալ օժանդակութիւն տրամադրել Սուրիոյ եւ անոր դրացի երկիրներուն ժողովուրդներուն, որոնք այս տագնապը կը դիմագրաւեն, գ) քաղաքական լուծում: «Մենք բազմիցս ընդգծած ենք Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը ապահովելու անհրաժեշտութիւնը», ըսաւ ան:

Պըրրիի Մօտ

Պըրրի եւ Մոկերինի

Պըրրի եւ Մոկերինի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Մոկերինին, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի շնորհակալութիւն յայտնեց Իտալիոյ` Լիբանանի նկատմամբ անոր ցուցաբերած օժանդակութեան եւ զօրակցութեան առումով, յատկապէս 1983-ին ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն մաս կազմելուն եւ վերջերս միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հրամանատարութիւնը ստանձնելու եւ հարաւային Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւնը պահպանելու առումով:

Պըրրի շնորհակալութիւն յայտնեց Իտալիոյ նաեւ անոր համար, որ վերջինս այս ամսուան ընթացքին լիբանանեան բանակին օժանդակութեան յատուկ խորհրդաժողով մը պիտի հովանաւորէ:

Մուքպելի Մօտ

Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել ընդունեց Մոկերինին, որուն հետ քննարկեց  17 յունիս 2014-ին Հռոմի մէջ տեղի ունենալիք բանակի օժանդակութեան խորհրդաժողովին նախապատրաստական աշխատանքները:

Եարզէի Մէջ

Մոկերինի Եարզէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ` ներկայութեամբ իտալական պատուիրակութեան, որուն մաս կազմեց նաեւ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Ճիուզեփէ Մորապեթոն: Քննարկուեցաւ բանակի զինման նպատակով Իտալիոյ մէջ գումարուելիք խորհրդաժողովին մանրամասնութիւնները:

Ռայի Պատրիարքին Մօտ

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ ընդունեց Մոկերինին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Ռայի պատրիարքը հաստատեց նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ նախագահական աթոռին թափուր մնալը կը սառեցնէ պետական հաստատութիւններուն աշխատանքը, ինչպէս նաեւ կը հարուածէ լիբանանեան Ազգային ուխտն ու երկրին ժողովրդավարութիւնը:

Մոկերինի շաբաթ երեկոյեան ուղղուեցաւ Յորդանան, իսկ կիրակի առաւօտեան վերադարձաւ Պէյրութ եւ հարաւային Լիբանանի մէջ ստուգեց ՖԻՆԻՒԼ-ի մաս կազմող իտալական խաղաղապահ ուժերուն զօրամասը, ինչպէս նաեւ հանդիպում մը ունեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրայի հետ:

Մոկերինի այցելեց նաեւ Պըրժ Պարաժնէի պաղեստինեան գաղթակայանը, ինչպէս նաեւ սուրիացի գաղթականները:

 

Share this Article
CATEGORIES