Օզպիլիսի Փոխանցման Պատճառով Սպարտակ Կրնայ Զրկուիլ «Եուրոփա Լիկ»-Ին Մասնակցելէ

0806arazԻր լուրը քաղելով championat կայքէն` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը յայտնէ, որ Սպարտակ Մոսկուա կրնայ զրկուիլ «Եուրոփա լիկ»-ի մրցաշարքին մասնակցելու իրաւունքէն` Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Արազ Օզպիլիսի փոխանցման փաստաթուղթերը կեղծած ըլլալուն համար:

Կ՛ըսուի, որ Օզպիլիսի համար Սպարտակ վճարած է աւելի շատ գումար, քան ներկայացուած է փաստաթուղթերուն մէջ, այսինքն` խախտած է «արդար մրցումի» օրէնքները:

Այս հարցին շուրջ յատուկ քննութիւններ պիտի կատարուին 10-20 յունիսին, որմէ ետք ամէն ինչ յստակացած պիտի ըլլայ:

Share this Article
CATEGORIES