Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Միշտ մտածեցէք դրական երեւոյթներու մասին: Մոռցէք անհամ հարցերը, որպէսզի կարենաք հանդարտ եւ կեդրոնացած տրամադրութեամբ աշխատիլ: Օրը պայծառ է արդիւնաւէտ:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Մի՛ կարծէք, որ ուրիշներ անհոգ են, մտածելու ոչինչ ունին: Ձեր անձնական խնդիրները եթէ չէք կրնար առանձին լուծել, դիմեցէք վստահելի բարեկամի մը:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Հրաւէրներ ունիք, չէք կրնար ամէնուն խոստանալ, ընտրեցէք ձեզի յարմար միջավայրը, ուր պիտի կարենաք գտնել ձեր ճաշակին յարմար ցուցադրութիւն կամ արժէքաւոր խօսակիցներ: Օրը պիտի ընթանայ բնական ձեւով:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Եթէ ձեր փափաքած նպատակը ձեր ուզած ձեւով չկատարուի, մի՛ յուսահատիք, հանդուրժեցէք նաեւ այլոց տեսակէտներուն, թերեւս կրնաք նորութիւններ իմանալ:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Մի՛ պնդէք ձեր տեսակէտին վրայ, մանաւանդ երբ գործատէր էք կամ խումբով կ՛աշխատիք: Գիտցէք այն իրողութիւնը, թէ որքան մարդիկ, այնքան կարծիք կայ:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ծրագրած էք օրը անցընել արձակուրդային տրամադրութեամբ: Ընկերացէք ձեր խառնուածքին յարմար անձի մը, որպէսզի կարենաք վայելել օրուան գեղեցկութիւնը:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Եթէ նոր աշխատանք մը կը փնտռէք, արագ որոշում մի՛ տաք, լաւ սերտեցէք, որպէսզի ձեր ունեցած աշխատանքը չփնտռէք: «Հեռուի թմբուկին ձայնը քաղցր կը լսուի» կ՛ըսէ առածը: Գոհացէք ձեր ունեցածով: Համբերեցէք քիչ մը:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր աշխատասիրութեան եւ պարկեշտութեան համբաւը պիտի տարածուի ձեր շրջանակին մէջ: Ամսականի յաւելում մը հաւանական է, մօտ օրէն կ՛ուրախանաք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Իւրաքանչիւր անձ ունի իր արժէքը, մեծը եւ փոքրը, տկարը եւ զօրաւորը, նոյնիսկ` հարուստն ու աղքատը: Ամէնուն հետ մարդասիրաբար վարուիլը բարիք է:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ներեցէք այն անձին, որ նեղութիւն պատճառած է ձեզի, կամ անտեսած է ձեզ անտեղի կերպով: Ներողամիտ եղէք, ան պիտի անդրադառնայ իր սխալին:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր բարեկամները եւ հարազատները տեղեկութիւններ կը սպասեն ձեզմէ: Անտարբեր մի՛ մնաք: Հեռաւոր վայրեր ապրողները կը մտահոգուին, երբ ձեր մասին նոր լուրեր չստանան: Յարգեցէք ընկերային յարաբերութիւնը:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Կրնաք զոհը դառնալ քսակահատի մը: Ուշադիր եղէք, երբ տունէն դուրս ելլէք` գնում կատարելու կամ այլ աշխատանք կատարելու: Ձեր շուրջը լաւ նայեցէք: Նոյնիսկ քաղաքակիրթ կեցուածքով անձեր կրնան ձեզ խաբել: Զգո՛ւշ եղէք:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )