50 Տարի Առաջ (10 Յունիս 1964)

Խմբագրական

Միշտ Դէպի Վեր

Երկու շաբաթ առաջ կատարուեցաւ հանդիսաւոր բացումը ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի նորակառոյց ակումբին:

Քանի մը օր առաջ նոյն մասնաճիւղը բացառիկ շքեղութեամբ մը յաջողցուց տարեկան իր քերմեսը:

Գրեթէ ամէն շաբաթ, մարզական բոլոր ճիւղերու մէջ, ՀՄԸՄ-ի մարզիկները խմբական թէ անհատական նորանոր յաղթանակներ կ՛արձանագրեն եւ նուաճումներ կ՛ունենան:

Այս բոլորը կը գրենք ու կ՛անցնինք: Կը կարդանք ու յաճախ չենք անդրադառնար: Հանրային կեանքին մէջ միշտ այսպէս եղած է: Միութիւններ եւ կազմակերպութիւններ, որոնք մտած են մեր առօրեայ կեանքին մէջ, տասնամեակներու իրենց շօշափելի գոյութեամբ իսկ կարծէք աւելորդ կը դարձնեն որեւէ անդրադարձում իրենց գործին ու վաստակին մասին:

Բայց երբեմն կը գտնուինք նուաճումներու առջեւ, իրագործումներու դէմ յանդիման, որոնք հանգրուան մը կը հանդիսանան այդ հաստատութիւններու կեանքին մէջ` արժանի ըստ արժանւոյն արձանագրուելու եւ գնահատուելու:

Ահա այդպիսի նուաճում մըն է, որ ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի վարչութիւնը իր նորակառոյց ակումբով: Առաւել եւս, այդ նուաճումը փայլ ու կշիռ ստացաւ, երբ հասարակութիւնը, ՀՄԸՄ-ի անդամներ ու բարեկամներ, ի տես այս յաջողութեան, սրտաբուխ կերպով իրենց օժանդակութիւնը բերին եւ հազիւ ժամ մը տեւող հանգանակութեամբ գոյացաւ երեսուն հազար լիբանանեան ոսկիի պատկառելի գումար մը:

Այդ գումարը, անկախ իր նիւթական արժէքէն, բարոյական մեծ իմաստ կը ստանայ եւ կը հանդիսանայ պերճախօս արտայայտութիւնը այն գնահատանքին, որ մեր ժողովուրդը ունի հանդէպ հայ մարզական մեծագոյն միութեան:

ՀՄԸՄ երիտասարդական այն կազմակերպութիւնն է, որ մասնաւորաբար այս երկրին մէջ եղաւ այն բեւեռը, որուն շուրջ բոլորուեցան եկող ու գացող բոլոր սերունդները, մեր երիտասարդութեան ընտրանին, որ փայլեցաւ մարզական բոլոր ճակատներու վրայ` բարձրացնելով թէ՛ իր միութեան եւ թէ՛ պատկանած ժողովուրդին անունն ու պատիւը:

Ի զուր չէ, որ տեղական բոլոր մարզական միութիւնները կարգապահութեան եւ կազմակերպուած աշխատանքի մտապատկեր կը դաւանին ՀՄԸՄ-ը անոր մէջ տեսնելով այն տիպարը, որուն պէտք է հասնին: ՀՄԸՄ-ի վարիչներն ու բարեկամները յաճախ առիթն ունեցած են ականջալուր ըլլալու նման գնահատական արտայայտութիւններու, որոնք առաւել եւս խթան ծառայած են իրենց` զարգացնելու միութենական գործունէութիւնը:

Նուաճումէ նուաճում, յաղթանակէ յաղթանակ, բարձունքէ բարձունք այս սլացքը, որ ՀՄԸՄ-ինը եղաւ անցնող տասնամեակներու ընթացքին, գեղեցկագոյն յիշատակն է, որ իբրեւ գերագոյն ապրում այս միութիւնը տուաւ իր բազմահազար անդամներուն, որոնք երեսունական թուականներէն ի վեր եկան ու իրենց երիտասարդական կորովին տուրքը տուին այս միութեան:

Նոյն ապրումը կ՛ունենայ նաեւ այսօրուան սերունդը. անոնք, որոնք ուղղակի մասնակից կ՛ըլլան յաղթանակներու կերտումին, եւ անոնք` տասնեակ հազարաւորներ, որոնք մօտէն կամ հեռուէն կը հետեւին այս կուռ ու կենսունակ միութեան վերելքին:

Վստահ ենք, որ իւրաքանչիւր նուաճում քայլ մը եւս պիտի մօտեցնէ այս միութիւնը իր իտէալին` գաղափարական եւ առողջ երիտասարդութեան մը կազմումին:

Եւ այս` ի խնդիր հայ ժողովուրդի կենսունակութեան, անոր ֆիզիքական եւ հոգեկան առողջութեան, ու նաեւ գալիք սերունդներուն, որոնք պիտի կազմեն վաղուան հայութիւն` անխախտ հաւատքով դէպի իր լուսաւոր ապագան:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )