Հայ Գեղանկարչութիւնը Ծայրագոյն Արեւելքի Մոնաքոն Համարուող Սինկափուրի Մէջ

Տօնավաճառի կազմակերպիչ Քամիլա Հէութսընի այցելութիւնը հայկական տաղաւար

Տօնավաճառի կազմակերպիչ Քամիլա Հէութսընի այցելութիւնը հայկական տաղաւար

Այս անգամ «Նոազ Արք» ցուցասրահը հայ գեղանկարչութիւնը ըստ արժանւոյն ներկայացուց Ծայրագոյն Արեւելքի Մոնաքոն համարուող Սինկափուրի մէջ:

Եթէ Մոնաքոն Եւրոպայի տարածքին շօշափելի եւ գնահատելի դեր կը կատարէ տարբեր մշակոյթներու խաչաւորման ու տարածման մէջ, ապա Սինկափուրը նոյնը կ՛ընէ Ծայրագոյն Արեւելքի մէջ աւելի կազմակերպուած ու ծրագրուած ձեւով: Անգլիական «Աֆորտըպըլ արթ» ընկերութիւնը Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպայի եւ Չինաստանի զուգահեռ, միջազգային կերպարուեստի ցուցահանդէսներ կը կազմակերպէ նաեւ Սինկափուրի մէջ: Այս տարի «Նոազ Արք»-ը եւս հրաւիրուած էր հոն, ուր ցուցադրեց տասնեակ մը գեղանկարիչներէ երկու տասնեակէ աւելի ստեղծագործութիւններ: Ինչպէս` Էդ. Խարազեան, Էդիկ Բերդեան, Ռուբէն Աբովեան, Վահրամ, Արմէն Գէորգեան, Եուրոզ, Դաւիթ Դաւթեան, Սուրէն Ոսկանեան, Տարօն եւ Վահան Ռումէլեան: Այս գեղանկարիչներուն ստեղծագործութիւնները թէեւ արտաքնապէս խայտաբղէտ պատկեր մը կը պարզէին, սակայն անոնք բացառիկ հետաքրքրութիւն ստեղծեցին ու մեծապէս գնահատուեցան իբրեւ ժամանակակից յարդարային արուեստէն տարբերակուող ու ուրոյն նկարագիր ունեցող գեղանկարչութիւն: Ներկայացուած գեղանկարիչներէն իւրաքանչիւրը (երբեմն` տարբեր տարածաշրջաններու մէջ) արդէն իսկ միջազգայնօրէն ինքզինք հաստատած արուեստագէտ է: Առաջին անգամն էր, որ ժամանակակից հայ գեղանկարչութիւնը կը ցուցադրուէր Սինկափուրի մէջ կայացած միջազգային ցուցահանդէսի մը եւ կ՛արժանանար յատուկ ուշադրութեան` հազարաւոր այցելուներու կողմէ:

Վերջին տարիներուն նոր շարժում մը սկսած է միջազգային գետնի վրայ կերպարուեստը մատչելի դարձնելու ժողովուրդին: Իրականութեան մէջ բնօրինակ եւ որակեալ կերպարուեստի ստեղծագործութիւնները մատչելի եղած են միայն ունեւոր վերնախաւի մը եւ համարուած են ազնուականութեան խորհրդանշան: Սակայն այսօր կան միջազգային արուեստի ընկերութիւններ, ինչպէս` «Կարուսել տը Լուվր»-ը եւ կամ «Աֆորտըպըլ արթ», որոնք կը փորձեն որակաւոր, սակայն համեմատաբար աժան արուեստ ցուցադրել ու վաճառել: Սինկափուրի «Աֆորտըպըլ արթ» արուեստի կազմակերպութիւնը, սահմանափակած էր տասը հազար ամերիկեան տոլարէն աւելի արժէք ներկայացնող ստեղծագործութիւններ վաճառելը: Անոնք աւելի հակամէտ են քաջալերելու միջազգայնօրէն նուազ յայտնի, սակայն տաղանդաւոր արուեստագէտներ: Այս էր պատճառը, որ «Օփերա»-ի եւ կամ «Ֆերարի»-ի նման ցուցասրահներ կը բացակայէին:

«Նոազ Արք» կը շարունակէ տարածել հայ որակաւոր կերպարուեստը, որուն արդէն իսկ սկսած էին հետեւիլ «բարձր արուեստ»-ի նման այլ ցուցասրահներ:

ԹՂԹԱԿԻՑ

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )