«Ծերունին Եւ Լեռը» Թատերախաղը Հայկական Իրականութեան Մանրանկար
10, 11, 16, 17 եւ 18 մայիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ հայկական իրականութեան մանրապատկերը ներկայացուեցաւ Թէքէեան մշակութային միութեան «Երուանդ Օտեան» թատերախումբին «Ծերունին եւ լեռը» թատերախաղին ընդմէջէն: Արդարեւ, բեմին վրայ էին սփիւռքահայուն տագնապները, մտահոգութիւնները, մնալ կամ երթալու հակասական պայքարները, տարբեր պատճառներով հարազատ ծննդավայրէն հեռանալու պարտադրանքներուն զուգահեռ այլ օտարութեան մէջ նետուելու իրականութենէն ծնունդ առնող վերիվայրումները, տարբեր սերունդի ներկայացուցիչներու պատկերացումներուն միջեւ եղած հսկայական տարբերութիւնները, որոնք ծնունդ կու տան նորանոր մղձաւանջերու:

Թատերախաղը կը ներկայացնէր Քեսապէն Հայաստան փոխադրուած, անկէ Միացեալ Նահանգներ ուղղուելու ընթացքին մէջ եղող քեսապցի հայ ընտանիքի մը ոդիսականն ու հոգեկան ապրումները (մայր, հայր, զաւակ եւ մեծ հայր): Դէպի Միացեալ Նահանգներ ուղեւորութեան ընթացքին անոնք Ֆրանսայի օդակայանին մէջ կ’ապրին հոգեկան տագնապներ, երբ ընտանիքին երիցագոյն անդամը կ’ուզէ վերադառնալ Քեսապ, մինչ զաւակները կը փափաքին շարունակել իրենց ճամբան դէպի Ամերիկա: Մէկ վայրէն միւսը փոխադրուելու շատ կարճ հանգրուան ու ժամանակաւոր վայր եղող օդակայանին մէջ կ’որոշուի ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամին ճակատագիրը, հոն իւրաքանչիւրին անցեալը, համոզումները, գաղափարները, երազներն ու ապագայի հեռանկարները աւելի կը յստականան ու ամէն մէկը կ’ընտրէ իր ուղին եւ կը սկսի քալել իր երազի իրականացման ճամբով:
Ամոլին նպատակը Միացեալ Նահանգներ հասնիլն է, մեծ պապուկին երազն ու աշխարհը հարազատ Քեսապն ու անոր անզուգական լեռներն են, իսկ ընտանիքի զաւակին գերագոյն նպատակը ազգին ու հայրենիքին ծառայելու առաջադրանքն է: Օդակայանին մէջ անոնք կը հանդիպին նաեւ եւրոպացիի արտաքինով հայ աղջնակի մը, որ, հակառակ իր արտաքինին եւ քիչ մը եւրոպականացած համոզումներուն, շատ արագ ու վճռական կերպով կ’որոշէ Հայաստան մեկնիլ, երբ կը տեղեկանայ, որ իր հայրենիքը ահաւոր երկրաշարժի մը ենթարկուած է: Օդակայանին մէջ աղջկան եւ քեսապցի ընտանիքի զաւակին միջեւ ծնած սէրը հիմք կը հանդիսանայ հայ նոր ընտանիքի մը կազմութեան: Բեմին մէկ անկիւնը կ’երեւի այդ զոյգին պտուղը հանդիսացող, Ֆրանսայի ազդեցութիւնը կրող հայ աղջնակին, որ կը պատրաստուի հօր ընկերակցութեամբ Քեսապ երթալ իր հօր ծննդավայրը տեսնելու:
Բեմին վրայ տարբեր վայրեր, ժամանակներ ու դէպքեր համախմբելու բեմադրական ուրոյնութիւնը հետաքրքրական էր, մանաւանդ որ մէկը միւսը չէր խանգարեր եւ չէր խճողեր ընդհանուր պատկերը:
Վարպետութեամբ բեմին վրայ իրենց տիրական ներկայութիւնը հաստատեցին դերասաններ Կասիա Թոփուշեան, Յարութ Թորոսեան, Կարէն Տարագճեան, Սթեֆանի Ղուկասեան, Լուսինէ Տագէսեան, Տիրան Սարգիսեան, Մակի Վասիլեան, Պէթի Սարգիսեան եւ Մասիս Լէփէճեան:
Նշենք, թէ Վաչէ Ատրունիի հեղինակութեամբ եւ երիտասարդ դերասաններու լաւ կատարողութեամբ այս թատերական գործը սկսած էր բեմադրուիլ Քեսապի վերջին ցաւալի դէպքերէն առաջ:
Գնահատելի թատերախաղ մը թէ՛ թատերական, եւ թէ բովանդակային ու խորքային առումով:
ՀԱՆԴԻՍԱՏԵՍ

