Յուշատետր. Օրուան Մարդիկը

Ռ. Հ.

Սա վերջին տարիներու ընթացքին այլեւս յաճախակի առիթը չունիմ քաղաքին մէջ հանրային փոխադրամիջոցներով երթեւեկելու, բայց ամէն անգամ որ ես զիս գտնեմ հանրային փոխադրամիջոցի մը մէջ, շուրջս անպայման անգամ մը կը նայիմ տեսնելու համար, թէ կարդացողներ կա՞ն: Բայց ի՞նչ կարդացող: Անշուշտ գիրք կարդացող: Կ՛ուզեմ տեսնել, թէ ինծի հետ այդ փոխադրամիջոցը բաժնող մարդոց միջեւ գիրք կարդացող կա՞յ:

Շատ քիչ անգամ կը պատահի, որ գիրք կարդացող տեսնեմ: Այդ քիչերն ալ համալսարաններու կամ դպրոցներու ուսանողներ են: Այսինքն դասագիրք կը կարդան: Գրեթէ բնաւ չի պատահիր, որ տեսնեմ թէ մէկը հաստափոր վէպ մը, մանաւանդ բանաստեղծութեան գիրք մը կը կարդայ:

Գիրք կարդացող, ո՛չ, բայց թերթ կարդացողներ կան անշուշտ: Եւ ասիկա իմ երրորդ զբաղումս է փոխադրամիջոցի մը մէջ: Հեռուէն նայիլ թէ մարդիկ թերթին ո՞ր մասը կը կարդան: Լուրերո՞ւ բաժինները, յօդուածնե՞րը, արուեստի՞ էջերը, թէ՞ ոչ մարզական այն բաժինը, որ այս երկրին մէջ հրատարակուող գրեթէ բոլոր թերթերուն քանի մը էջերը կը գրաւէ: Պատասխանը յայտնի է: Ամէնէն շատ կարդացուած բաժինը մարզական բաժինն է: Եւ այս երկրին մէջ եթէ ըսուի մարզական բաժին, դուք հասկցէք` ֆութպոլ:

Ո՛վ գիտէ` որքան շատ մարդիկ կան մեր շուրջ, մանաւանդ` երիտասարդ մարդիկ, որոնք չեն գիտեր, թէ իրենց երկրին արտաքին կամ ներքին գործոց նախարարը ով է, բայց ատոր փոխարէն` մի առ մի կրնան համրել նշանաւոր ֆութպոլի խումբերուն նշանաւոր մարզիկներուն անունները: Անոնք թերեւս ոչինչ գիտեն այն պատերազմին մասին, որ կը մղուի դրացի երկրի մը մէջ, բայց ատոր փոխարէն` շատ լաւ գիտեն, թէ վերջին մէկ ամսուան ընթացքին ֆութպոլի ինչպիսի հանդիպումներ կայացան հոս ու հոն եւ ինչ արդիւնքներ ստացուեցան այդ հանդիպումներէն:

Ես բնականաբար այդ երիտասարդներուն կը նայիմ իմ տեսանկիւնէն ու կը զարմանամ անոնց վրայ: Բայց գիտեմ, որ անոնք ալ ինծի կրնան նայիլ իրենց տեսանկիւնէն եւ կը զարմանան իմ վրայ: Ահաւասիկ ես ըսի, որ այս մարդիկը չեն գիտեր, թէ ով է իրենց երկրին ներքին գործոց նախարարը, բայց գիտեն ֆութպոլի աստղերուն անունները: Անոնք ալ ինծի նայելով` պիտի խղճահարէին ու պիտի զարմանային, զիս դատապարտող ոճով պիտի ըսէին. «Մարդը բոլոր նախարարներուն անուններ» անգիր գիտէ, բայց գաղափար իսկ չունի, թէ անցեալ շաբաթ ինչ մրցումներ կայացան մեր մարզադաշտին վրայ»: Ինծի համար ներքին կամ արտաքին գործոց նախարարին անունները ցանկին առաջին գծին

վրայ կը գտնուին, անոնց համար ալ ֆութպոլիստներուն անունները:

Մեր երկուքէն ո՞վ աւելի ճիշդ ճամբու վրայ է: Այսպիսի հարցումի մը պատասխանելէ առաջ, եկէք, յիշենք, որ աշխարհի բնակիչները միայն նախարարներէ ու ֆութպոլիստներէ չեն բաղկանար: Եթէ այդպէս ըլլար, այն ատեն միջին ճամբան պիտի գտնէինք ու հարցումին պիտի պատասխանէինք հետեւեալ կերպով.

– Լաւ կ՛ըլլայ, որ մարդիկ երկուքին մասին ալ որոշ գաղափար մը ունենան: Մարդիկ ճանչնան թէ՛ կարեւոր քաղաքագէտները, թէ՛ կարեւոր ֆութպոլիստները:

Մինչդեռ աշխարհի վրայ հարիւրհազար տեսակ ասպարէզ կայ եւ ամէն ասպարէզ ունի իր գլխաւոր ու կարեւոր դէմքերը, որոնց գործունէութիւնը ուղղակի կամ անուղղակի կերպով կը ներգործէ մեր առօրեային վրայ: Մենք կրնա՞նք գիտնալ բոլորին, կամ գոնէ ամէնէն կարեւորներուն անունները, կրնա՞նք միաժամանակ հետեւիլ անոնց գործունէութեան ու հետաքրքրուիլ, թէ անոնք ինչեր կ՛ընեն ամէն օր առտուընէ մինչեւ իրիկուն:

Քանի որ աշխարհի մարդիկը միայն քաղաքագէտ կամ ֆութպոլիստ չեն, մենք պիտի ստիպուինք ընդունիլ որ ամէն մարդ կը հետաքրքրուի միայն զինք շահագրգռող ասպարէզի նշանաւոր կամ կարեւոր մարդոցմով: Ես աշխարհի կամ մեր երկրի ամէնէն նշանաւոր գրագէտներուն ու բանաստեղծներուն մասին լայն գաղափար կրնամ ունենալ, բայց իմ դրացիս որ սրտի հիւանդութիւններու մասնագէտ է, մեզի պիտի համրէ, թէ որո՞նք են սրտի հիւանդութեան մէջ այսօրուան ամէնէն կարեւոր ու հեղինակաւոր դէմքերը: Ես չեմ կրնար իրմէ պահանջել, որ ան ճանչնայ նաեւ մեր շրջանի ամէնէն կարեւոր գրագէտները: Ան ալ ինձմէ չի կրնար պահանջել, որ գիտնամ այն, ինչ որ ինք գիտէ իր ասպարէզէն ներս:

Բայց այս կէտէն անդին յանկարծ մեր առջեւ կը բացուի աշխարհ մը, որ ո՛չ գրագէտներուն կը պատկանի, ո՛չ բժիշկներուն, ո՛չ քաղաքագէտներուն, ո՛չ ալ ֆութպոլիստներուն, այլ կը պատկանի, կամ պէտք է պատկանի քիչ շատ զարգացած բոլոր մարդոց: Ասիկա աշխարհ մըն է, որուն սահմանները ճշդել` դիւրին չէ, որ սակայն կերպով մը իր մէջ կ՛առնէ բոլոր ասպարէզները: Ասիկա այն աշխարհն է, որուն մասին ամէն գիշեր կը խօսին հեռատեսիլի կայանները, որուն մասին կը խօսին թերթերը, գիրքերը, շարժանկարի ժապաւէնները, ասիկա այն աշխարհն է, ուրկէ ներս ամէն օր նորանոր անուններ յանկարծ օրուան մարդ կը դառնան արժանաւոր բարի ու յաջող գործով մը կամ անկարեւոր ու երկրորդական արարքով մը, կամ մինչեւ իսկ չարագործութեամբ կամ ոճիրով եւ այլն: Մենք, եթէ կ՛ուզենք ճանչնալ մեր ժամանակաշրջանը եւ եթէ կը զգանք, թէ որոշ պատասխանատութիւն մը ունինք մեր ապրած թուականին ու աշխարհին նկատմամբ, ուզենք չուզենք մեր առօրեայ հետաքրքրութիւններուն մէջ տեղ պիտի բանանք այդ անհամար անուններուն, մեր խիղճն ու մեր խելքը պիտի բեռնաւորենք այս օգտակար կամ անօգուտ անուններով:

 

Share this Article
CATEGORIES