Խոստումնալից Սկիզբ
ՌՈՊԵՐԹ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ
Նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ «Լէ ժէօնես միւզիքալ տիւ Լիպան»-ի, չորեքշաբթի 4 յունիս 2014, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Էշրեֆիէի Սէն Ժոզեֆ եկեղեցւոյ մէջ կայացաւ համերգ, որուն բացումը կատարեց վերոյիշեալ կազմակերպութեան երգչախումբը` ներկայացնելով շարք մը դասական երգեր: Ապա` երիտասարդ կիթառահար Ռաուատ Ապի Զէյտի ելոյթէն ետք, բեմ բարձրացաւ Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի, Համազգայինի «Արեգ» թատերական դպրոցի եւ լիբանանեան Պետական երաժշտանոցի աշակերտուհի, 11-ամեայ Մարգարիտա Միքայէլեանը, որ նուագախումբին հետ, դաշնակի վրայ պիտի ներկայացնէր Եոհան Սեպասթեան Պախի Ֆա Մինօր քոնցերթը 3 բաժիններով` խմբավարութեամբ Փոլ-Ռէօնէ Սաֆայի: Ինչպէս թատերարուեստի մէջ Քոնսթանթին Սթանիսլավսքին, նոյնպէս Եոհան Սեպասթեան Պախը կը համարուի` երաժշտարուեստի նախահայրը:
Պախի ստեղծագործութիւնները կը համեմատուին անյատակ ովկիանոսի հետ, ուր խորհուրդները սահման չունին: Առաջին` Ալեկրօ (արագ) բաժինը Մարգարիտա Միքայէլեանը նուագեց ինքնավստահ եւ անթերի, արժանանալով սրահը լեցուցած, մեծամասնութեամբ օտար հանդիսատեսին զարմանքին ու համակրանքին:
Մարգարիտայի կատարումը ձուլուելով նուագախումբի կատարման, եկեղեցւոյ պատերէն ներս ստեղծեց լիարժէք ներդաշնակութիւն:
Երկրորդ Անտանդէ (դանդաղ) բաժինը ներկաներուն տարաւ Պախի խորունկ ովկիանոսի խորքերը, ուր բիւրեղեայ մաքրութիւն է, ազնիւ ու զուլալ միջավայր: Երրորդ` Ալեկրօ (գերարագ) բաժնին մէջ Մարգարիտայի կատարումը վերջաբան չէր, այլ գագաթնակէտ, որ ստիպեց հանդիսատեսը յոտնկայս ծափահարել տաղանդաւոր աղջնակին:
Անսալով ներկաներու երկարատեւ ծափահարութիւններուն` Մարգարիտան կատարեց նաեւ Էդուարդ Միրզոյեանի «Տխուր վալսը»:
Համերգի աւարտին, խմբավար Փոլ-Ռէօնէ Սաֆա բարձր գնահատեց բացառիկ կարողութիւններով օժտուած Մարգարիտա Միքայէլեանը, ապա բեմ հրաւիրեց անոր դաշնակի ուսուցչուհի Անժելա Խտըշեանը, ջերմ խօսքերով եւ ծաղկեփունջով մը պատուելուվ ու շնորհակալութիւն յայտնելով վաստակաշատ դասախօսին: Ներկաներու հոգիներուն մէջ դրոշմուեցան հանճարեղ Պախի մեղեդիները` Մարգարիտայի կատարմամբ: Նոյն ստեղծագործութեան կատարմամբ Մարգարիտա Միքայէլեանը հանդէս պիտի գայ երեքշաբթի, 10 յունիս 2014-ին, Պէյրութի «Ապու Խաթըր» համերգասրահին մէջ:
Մարգարիտայի պարբերական ելոյթները խոստումնալից սկիզբն են այն ճանապարհին, որ կը տանի դէպի մեծ բեմ:

