Շատախի (Վան) Հայկական Եկեղեցիներն Ու Մշակութային Ժառանգութիւնը Փրկելու Փորձ

1006_shadakhԷրճան Էօքսիւզ «Սես Թիւրքիյէ» կայքին վրայ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ Վանի մշակութային պատմութեան մեծամասնութիւնը թաղուած է նահանգին մէջ տարածուած եկեղեցիներու եւ գիւղերու փլատակներուն տակ: Վանի Շատախ գաւառին մէջ քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւն մը այժմ բազմամշակութային ապագայ մը կերտելու նպատակով այդ պատմութիւնը փլատակներուն տակէն դուրս կը բերէ:

Չաթաք (Շատախ, Խմբ.) կենսոլորտի եւ պատմութեան պահպանութեան ընկերակցութիւնը (Չաթաք-տէր) կը յուսայ, որ պատմական վայրերն ու անոնց հայերէն, քրտերէն եւ թրքերէն անունները ճշդելը պիտի նպաստէ հասարակութեան անցեալի հետ առերեսման:

Ծրագիրին ղեկավարն է Չաթաք-Տերի ատենապետ Ալի Սուլամազ, որ ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ Վանէն «ակամայ այլասերած հայ ընտանիքի մը թոռնիկը»: Ան տասնամեակներ արտասահմանի մէջ ապրելէ ետք, 2010-ին վերադարձած է Թուրքիա: Անոր կազմակերպութիւնը առայժմ հայկական շարք մը եկեղեցիներու անուններն ու վայրերը ճշդած է:

Սուլամազ «Սես Թիւրքիյէ» յայտնած է, որ իր մեծ մայրը հայ մըն էր, սակայն անոնցմէ էր, որ «1915-ի դէպքերուն» ընթացքին չէ ջարդուած եւ հետագային իսլամացած է: Ան նշած է, որ միշտ ալ հայկական արուեստով հմայուած է, եւ վեց ամիս ամբողջ Շատախի մէջ շրջած է եւ` արժանի բոլոր վայրերը տեսած: Յետագային կարգ մը հայ բարեկամներէ փաստաթուղթեր հաւաքած է եւ` վայրերուն անունները ճշդած:

Սուլամազ կը յուսայ, որ կազմակերպութեան աշխատանքը պիտի նպաստէ պատմական վայրերու վերականգնման, ինչպէս նաեւ Շատախին ապահովէ կրօնական ու բնութեան զբօսաշրջութիւն: Ան մտադիր է ապագային զբօսաշրջիկներու ուղեցոյց մը հրատարակելու:

Սուլամազ կ՛ըսէ, որ իրենց նպատակը մարդոց իրենց ապրած վայրին ծանօթացնելն է եւ այդ շրջանները ներկայացնելը: Դարերով միասնաբար ապրած քիւրտերը, հայերը եւ թուրքերը երեք լեզուներով դարձեալ պիտի այցելեն այս պատմական վայրերը: Ան կը յուսայ, որ այդ մէկը գործազուրկ երիտասարդութեան համար գործի առիթներ ստեղծէ եւ նահանգին բոլոր գաւառներուն տնտեսութեան նպաստէ:

Տեղւոյն բնակչութիւնը կ՛աջակցի ծրագիրին: Որմնադիր 34-ամեայ Քերեմ Էլպիր բնակչութեան կոչ կ՛ուղղէ տէր կանգնելու հայկական ժառանգութեան` նշելով, որ հայ ժողովուրդը մեծ ներդրում ունեցած է Շատախի մէջ, ուստի բոլորը պէտք է տէր կանգնին «հայ ժողովուրդին մեզի ձգած արժէքաւոր ժառանգութեան»: «Այսպիսի ծրագիրները մեզի կը յիշեցնեն մեր պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ` այն իրողութիւնը, որ բոլորս միասնաբար կ՛ապրէինք, եւ ես մինչեւ վերջ ատոր պիտի աջակցիմ», «Սես Թիւրքիյէ»-ի ըսած է Էլպիր:

Յ. Գ. Նշենք, որ Իրանի սահմանին մօտ գտնուող Շատախի քաղաքապետն է քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան անդամ Ճելալէտտին Պարթուն:

 

Share this Article
CATEGORIES