Շապին Գարահիսարի Եկեղեցւոյ Վերակառուցումը Կիսատ Մնացած Է. Զբօսաշրջիկներ Կը Պահանջեն Բանալ Եկեղեցին

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

1006_karahisarԹուրքիոյ Կիրասոն (Շապին Գարահիսար) նահանգի բնութիւնն ու պատմական արժէքները մէկ առ մէկ կը բացայայտուին եւ զբօսաշրջիկներ, որոնք կ՛այցելեն այս նահանգը, կը դժգոհին, որ Կիրասոն բերդին կից եկեղեցին Ս. Աստուածածին հայոց եկեղեցին չի վերակառուցուիր եւ չի բացուիր զբօսաշրջային նպատակներով:

Վերջին շրջանին Կիրասոնի մէջ վերակառուցման աշխատանքներ կը կատարուին, սակայն եկեղեցւոյ վերանորոգութիւնը կիսատ մնացած է` նիւթական հարցերու պատճառով: Եկեղեցւոյ դուռը փակ է, եւ այցելուներ չեն կրնար տեսնել զայն:

Տեղացի ու արտասահմանցի զբօսաշրջիկներ այժմ աւելի յաճախ կ՛այցելեն Կիրասոն, իսկ տեղւոյն թանգարաններու տնօրէնութիւնը կը հաղորդէ, որ եկեղեցւոյ փակ դռները երբեմն կը վերաբացուին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES