Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցին Տարածքը Ետ Խլելու Փորձ

1006_surp_pergitchԹուրքիոյ հիմնադրամներու գլխաւոր խորհուրդին որոշումով Պոլսոյ հայկական Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոց-հիմնարկին յանձնուած տարածքը ետ խլելու գործընթաց մը սկսած է Զէյթինպուռնուի թաղապետարանին կողմէ:

Ըստ «Ակօս» թերթին, իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամներէ բաղկացած նշեալ թաղապետական խորհուրդը դիմած է դատարան` տարածքը վերադարձնելու պահանջով:

Թուրքիոյ հիմնադրամներու գլխաւոր խորհուրդը, 2013-ի հոկտեմբեր 7-ի եւ նոյեմբեր 25-ի ժողովներուն ընթացքին կայացած քննարկումներէն ետք, այս տարուան յունուար 22-ին, պաշտօնապէս Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի հիմնարկին յանձնած էր հիւանդանոցի շէնքին դիմաց գտնուող 42,259 քառակուսի մեթր տարածքը, որ 1974-ին խլուած էր անկէ:

Միւս կողմէ, «Մարմարա» կը հաղորդէ, թէ մայիս 29-ին, կրօնական ու աշխարհի հանդիսութիւններով նշուած է Համբարձման տօնն ու հիւանդանոցի հիմնադրութեան 182-ամեակը, որ աւանդաբար կը նշուին միասին: Ս. Փրկիչ մատրան մէջ տեղի ունեցած է երեկոյեան ժամերգութիւն, որուն նախագահած է պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան: Այնուհետեւ, ինչպէս նախորդ տարիներուն, «Պիլեք» հանգստարանի յարակից պարտէզին մէջ, հսկայ վրաններու տակ սարքուած է 182-ամեայ տարեդարձի սիրոյ սեղանը, նախագահութեամբ Արամ սրբազանին:

Հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու ներկայացուցած է տարեկան տեղեկագիրը` ըսելով, որ 2014-ի ամավարկը կը կազմէ մօտաւորապէս 30 միլիոն տոլար: Ան բացատրութիւններ տուած է հիւանդանոցապատկան կալուածներու վերադարձին մասին ու շնորհակալութիւն յայտնած է շարք մը բարերարներու եւ յատկապէս Օննիկ Փեհլիւանօղլուին, որ ներկայիս հիւանդանոցի մնայուն բնակիչ է եւ մօտաւորապէս մէկ միլիոն թրքական լիրայ (մօտաւորապէս կէս միլիոն տոլար) ու Իւմրանիէ թաղամասին մէջ գրեթէ նոյնքան արժող շէնք մը նուիրած է հիւանդանոցին:

Շիրինօղլու նաեւ յառաջիկայ օրերուն աւետիս մը խոստացած է համայնքին` հիւանդանոցի հանդիպակաց հողատարածքին առնչութեամբ: «Եթէ մեր գաղափարները գործադրութեան դնենք ու ծրագիրը յաջողութեամբ աւարտին հասցնենք, ապա ատիկա մեր համայնքին փրկութիւնը պիտի ըլլայ», ընդգծած է ատենապետը` աւելցնելով, որ Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը մրցունակ է երկրին մէջ ու կը գտնուի լաւագոյններու շարքին:

Share this Article
CATEGORIES