Մամլոյ Հաղորդագրութիւն Թիւ 1
ՍՕԽ-ի ընկերաբժշկական կեդրոնը Նոր Գիւղի մէջ միշտ եղած է մարմնաւորումը ՍՕԽ-ի բազմաբնոյթ եւ մանաւանդ ընկերային ծառայութեան աշխատանքին, որուն միջոցով վստահութիւն եւ յարգանք պարտադրած է ամբողջ շրջապատին:
Փաստօրէն, երկրիս եւ մանաւանդ քաղաքիս եռամեայ արտակարգ իրավիճակը, Նոր Գիւղի թաղամասին իբրեւ «տաք գօտի» յայտնուիլը ոչ մէկ ձեւով կրցաւ ընկրկում պարտադրել ՍՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ գործող ներկայ անձնակազմերուն, որոնք արհամարհելով ամէն վտանգ, հրասանդ ըլլայ անիկա կամ արձակազէն, իրենց ամբողջ կարողականութիւնը ի սպաս դրին` հասնելու համար ժողովուրդին առողջապահական եւ խնամատարական կարիքներուն:
Այսօր, սակայն, երբ 1, 2 եւ 3 յունիս 2014-ի ռմբակոծումները թիրախ դարձուցին Նոր Գիւղի շրջանը` լրիւ քանդելով եւ աւերակոյտի վերածելով բնակելի տարածքներ եւ ազգապատկան կալուածներ, մեծապէս տուժեց եւ անապահով վիճակի ենթարկուեցաւ նաեւ ՍՕԽ-ի ընկերաբժշկական կեդրոնը, մասնաւորապէս դարմանատունն ու վարչական գրասենեակները, ուր դռներ, պատուհաններ, կահոյք ու կազմածներ մեծ վնասներ կրեցին:
Այս իրավիճակը, նիւթական վնասներէն բացի, անկարելի դարձուց աշխատանքը ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ:
Այս պատճառով, ՍՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը, ցաւով կը յայտնէ, որ ընկերաբժշկական կեդրոնը ժամանակաւորապէս կը դադրեցնէ իր ծառայութիւնները` համոզուած, որ մօտիկ ապագային հաւաքական ճիգերով պիտի կարենայ կեանքի կոչել կանացի այս հսկայ ԱՄՐՈՑԸ:
ՍՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
7 յունիս, 2014
Հալէպ

