Սան Փաուլօ Բազմաքիլոմեթրնոց Խճողումներու Մէջ Յայտնուած Է Մեթրոյի Աշխատակիցներու Գործադուլին Պատճառով
«Տը Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» կը հաղորդէ, որ ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան սկիզբէն օրեր առաջ Պրազիլի Սան Փաուլօ քաղաքին մէջ մեթրոյի աշխատակիցներու գործադուլը պատճառ դարձած է բազմաքիլոմեթրնոց խճողումներու:
Կիրակի օր աշխատանքային վէճերու դատարանը որոշում տուած էր, որ գործադուլը անօրինական է, եւ պահանջած էր մեթրոյի աշխատակիցներու միութենէն աշխատանքը չկատարելու իւրաքանչիւր օրուան համար 222 հազարական տոլար, սակայն մեթրոյի աշխատակիցները որոշած են շարունակել իրենց ցոյցը:
Այսօր անոնք մտադիր են դուրս գալ փողոց` ցոյց կատարելու համար: Մեթրոյի աշխատակիցներուն մտադիր են միանալ անօթեւաններու իրաւունքները պաշտպանող խումբերու գործիչները:
Մեթրոյի աշխատակիցներու ցոյցերը սկսած է 5 յունիսին:
«Եթէ անոնք դրամ ունին «Իթաքերան» մարզադաշտի եւ աշխարհի ախոյեանութեան կայացման համար, ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ, որ անոնք դրամ չունին հասարակական փոխադրութեան համար», յայտարարած է գործադուլ կատարող աշխատաւորական միութեան ղեկավարը գործադուլի առաջին օրը:
Մեթրոյի աշխատակիցները ի սկզբանէ կը պահանջէին բարձրացնել իրենց աշխատավարձը 35 առ հարիւրով, սակայն հետագային յայտարարած են, որ պիտի համաձայնին 12 առ հարիւրով բարձրացման: Քաղաքի ղեկավարութիւնը, սակայն, կը մերժէ բարձրացնել աշխատավարձը 8.7 առ հարիւրէն աւելի:
«Պի.Պի.Սի. Նիուզ»-ի համաձայն, առաւօտեան քաղաքին մէջ խճողումներու երկարութիւնը կը կազմէ աւելի քան 200 քիլոմեթր:

