Սուրիոյ Մէջ Ազրպէյճանցի Զինեալները Կը Պատռեն Իրենց Անձնագիրները

Ազրպէյճանական պատռտուած անձնագիրներ

Ազրպէյճանական պատռտուած անձնագիրներ

Ազրպէյճանական Haqqin.az կայքը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ մէջ կռուող ազրպէյճանցի զինեալները զանգուածաբար կը պատռեն իրենց անձնագիրները, որոնք տրամադրուած են Ազրպէյճանի պետական մարմիններուն կողմէ: Ընկերային ցանցերուն վրայ տարածուած լուսանկարներուն մէջ տեսանելի են պատռտուած ազրպէյճանական անձնագիրներ:

Լուսանկարը տեղադրուած է զինեալներէն մէկուն` Եահիա Ազերիի անձնական էջին վրայ:

Կը հաղորդուի, որ վերջինս Սուրիոյ մէջ կռուող ազրպէյճանցիներու հրամանատարը եղած է եւ սպաննուած է որոշ ժամանակ առաջ: Կ՛ենթադրուի, որ ներկայիս անոր անձնական էջը կ՛օգտագործէ անոր կինը:

«Ազրպէյճանական անձնագիրներու ցուցադրական ոչնչացումը կը վկայէ այն մասին, որ ծայրայեղական իսլամականները չեն ճանչնար Ազրպէյճանը եւ կը հրաժարին անոր քաղաքացիութենէն` ցուցադրելով իրենց թշնամական վերաբերմունքը այդ երկրին նկատմամբ», կը գրէ ազրպէյճանական կայքը:

Share this Article
CATEGORIES