Սերպիա Ստիպուած Յետաձգած Է «Հարաւային Հոսք» Նախագիծի Աշխատանքները` Պուլկարիոյ Դիրքորոշումին Պատճառով
Ria.ru կայքը կը հաղորդէ, որ Սերպիոյ փոխվարչապետ, փոխադրամիջոցներու եւ ենթակառոյցներու հարցերով նախարար Զորան Միխայիլովիչ յայտնած է, որ Սերպիան ստիպուած յետաձգած է «Հարաւային հոսք» խողովակաշարի նախագիծին աշխատանքները` ատոր կառուցումը դադրեցնելու մասին դրացի Պուլկարիոյ իշխանութիւններուն յայտարարութեան պատճառով:
Կիրակի օր Պուլկարիոյ կառավարութիւնը որոշած էր դադրեցնել «Հարաւային հոսք» խողովակաշարի կառուցման նախագիծին ծիրին մէջ տարուող աշխատանքները` Եւրոպական յանձնաժողովի հետ խորհրդակցութիւններ կատարելու համար: Այդ հարցին շուրջ հետագայ որոշումները պիտի ընդունուին ըստ Պրիւքսէլի հետ խորհրդակցութիւններու արդիւնքներուն:
Ռուսական «Կազփրոմ» ուժանիւթի ընկերութիւնը կ՛իրականացնէ «Հարաւային հոսք» խողովակաշարի կառուցման նախագիծը, որ պէտք է Սեւ ծովու ճամբով Ռուսիան միացնէ Հարաւային եւ Կեդրոնական Եւրոպային` շրջանցելով Ուքրանիան: Նախագիծին ցամաքային հատուածը իրականացնելու համար միջկառավարական համաձայնագիրներ կնքուած են Պուլկարիոյ, Սերպիոյ, Հունգարիոյ եւ Սլովենիոյ հետ:
Մոսկուա երէկ քննադատեց Պուլկարիան` «Հարաւային հոսք» խողովակաշարի կառուցման աշխատանքները դադրեցնելուն համար:

