Յունաստանը Կը Պատրաստուի Վաճառելու Իր Մեծ Նաւահանգիստները
«Տը Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» կը հաղորդէ, որ Յունաստանի առեւտրական նաւատորմիղի նախարար Միլիհիատիս Վարվիցիոթիս յայտարարած է, որ Յունաստանի կառավարութիւնը մտադիր է վաճառել բոլոր մեծ նաւահանգիստները` յոյս ունենալով, որ ատիկա պիտի արտօնէ միլիառաւոր եւրոյի ներդրումներ ներգրաւել եւ ստեղծել լրացուցիչ աշխատավայրեր:
Ըստ անոր, Յունաստանը պատրաստ է ներդրողներուն առաջարկելու 13 մեծ նաւահանգիստներ, զորս մտադիր է վաճառել սեփականաշնորհման ծրագիրի ծիրին մէջ:
Յունաստան ունի աշխարհագրական առաւելութիւն` գտնուելով Եւրոպայի, Ասիոյ եւ Ափրիկէի քառուղիին վրայ: Եւրոպայի եւ Ասիոյ միջեւ առեւտրական երթուղիները աշխարհի վրայ ամէնէն ծանրաբեռնուածներն են:
CATEGORIES Միջազգային

