Պասքերու Երկրին Անկախութեան Կողմնակիցները 123 Քիլոմեթր Երկարութեամբ Շղթայ Կազմած Են

Մարդկային շղթայէն մաս մը

Մարդկային շղթայէն մաս մը

«Ռաշա Թուտէյ» կը հաղորդէ, որ Պասքերու երկրին անկախութեան կողմնակիցները` աւելի քան հարիւր հազար մարդ, 123 քիլոմեթր երկարութեամբ կենդանի շղթայ կազմած են: Նախաձեռնութիւնը անուանուած է «Կուրէ Էսքու տակու»` «Ամէնը մեր ձեռքերուն մէջ է»:

Անոնք կը պահանջեն կատարել շրջանային հանրաքուէ, ըստ որուն, պասքերը իրաւունք պիտի ունենան Սպանիայէն անջատուելու:

Մարդիկ շղթայ սկսած են կազմել կիրակի կէսօրէն սկսեալ` ներառելով հիւսիսային Տուրանկօ քաղաքէն մինչեւ Փամփլոնա երկարող տարածքները: Վերջինս դրացի Նաւարայի շրջանին մէջ է, սակայն պասքերը զանիկա կը նկատեն իրենց մշակութային ժառանգութիւնը:

Անցեալ տարի նման նախաձեռնութիւն կազմակերպուած էր Քաթալոնիոյ մէջ` կազմելով 400 քիլոմեթր երկարութեամբ կենդանի շղթայ մը:

Պասքերու երկրին մէջ կը բնակին 2.2 միլիոն մարդիկ: Պասքերը մինչեւ հիմա իրենց անկախութեան համար կը պայքարէին նաեւ զինեալ պայքարով` կատարելով ականահարումներ, որոնց ընթացքին 1968-էն 2010 զոհ գացած է 850 մարդ:

Share this Article
CATEGORIES