Եւրոպան Ազրպէյճանը Դուրս Կը Մղէ Վրացական Շուկայէն
Ազրպէյճանական Haqqin.az կայքը` յղում կատարելով «Ֆինեքօ»-ի, կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի պետական քարիւղի ընկերութիւնը (ՍՈՔԱՐ) Վրաստանի մէջ ինքզինք գտած է նոր իրականութեան մը դէմ յանդիման. Զարգացման եւ վերակառուցման եւրոպական դրամատունը սկսած է վրացական շուկային մէջ ՍՈՔԱՐ-ի մրցակիցները ֆինանսաւորել:
Դրամատունը հաղորդած է, որ 65 միլիոն տոլարի վարկ տրամադրած է իր հին յաճախորդին` վրացական «Ուիսսոլ Փեթրոլիում Ճորճիա»-ին:
Միջոցները նախատեսուած են ընդլայնելու Վրաստանի մէջ կազի լիցքաւորման կայանները, որոնք կ՛առաջարկեն սեղմուած բնական կազ: Զարգացման եւ վերակառուցման եւրոպական դրամատունը ներկայացուցած է 40 միլիոն տոլար, մնացեալ 25 միլիոն տոլարը տրամադրած է հոլանտական «Էֆ.Էմ.Օ.» զարգացման դրամատունը:
ՍՈՔԱՐ եւս աշխուժօրէն կը զարգացնէ դրացի երկրին մէջ կազի լիցքաւորման նման կայաններու ցանցը` գործելով դուստր` «ՍՈՔԱՐ Ճորճիա Փեթրոլիում» ընկերութեան միջոցով:

