Մոռնինկսթար Յայտարարած Է, Որ Ազրպէյճանի Մէջ «Մայտան»-ի Կրկնութեան Մասին Իր Խօսքերը Սխալ Մեկնաբանուած Են

Ռիչըրտ Մոռնինկսթար

Ռիչըրտ Մոռնինկսթար

Ազրպէյճանական Haqqin.az կայքը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Մոռնինկսթար մեկնաբանած է «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի ազրպէյճանական ծառայութեան տուած իր հարցազրոյցը, որուն ընթացքին չէր բացառած, որ Պաքուի մէջ կրնան կրկնուիլ Քիեւի Մայտանի իրադարձութիւնները:

«Մենք Ազրպէյճանի անկախութեան 23 տարիներուն ընթացքին երբեք չենք միջամտած անոր ներքին գործերուն: Ես պարզապէս կը ներկայացնէի իմ տեսակէտս որոշ հարցերու շուրջ` Միացեալ Նահանգներու հաւասարակշռուած քաղաքականութեան բերումով: Եւ եթէ իմ հարցազրոյցէս ետք հանրութեան եւ մինչեւ իսկ կառավարութեան շրջանակներուն մէջ կը քննարկուի տեսակէտս, ապա կը կարծեմ, որ անիկա հասած է իր նպատակին», յայտարարած է Մոռնինկսթար` մեկնաբանելով իր աղմկայարոյց հարցազրոյցը ուքրանական իրադարձութիւններուն վերաբերեալ:

Դեսպանը յայտարարած է, որ իր խօսքերը ճիշդ չեն ներկայացուած: «Իւրաքանչիւր փափաքող կրնայ ծանօթանալ հարցազրոյցիս բնագիրին եւ համոզուիլ, որ անիկա հաւասարակշռուած եղած է եւ արդար», ըսած է դեսպանը:

Ան ընդգծած է, որ բառացիօրէն հետեւեալը ըսած է. «Եթէ չափազանց խիստ վերաբերմունք ըլլայ քաղաքացիական հասարակութեան նկատմամբ, անոր շնչելու կարելիութիւն չտան, ապա ատիկա կրնայ անցանկալի հետեւանքներու յանգեցնել: Եթէ ոչ այսօր, ապա հինգ, տասը, քսան տարի ետք»:

Մոռնինկսթար նաեւ յայտարարած է, որ Ազրպէյճանի մէջ կայունութեան եւ զարգացման ապահովման համար անհրաժեշտ է պայմաններ ստեղծել քաղաքացիական հասարակութեան գործունէութեան համար: «Մարդիկ կրնան ինծի հետ չհամաձայնիլ, ամէն մարդ իր տեսակէտը ունի, եւ ասիկա իմ տեսակէտս է», ըսած է ան:

 

Share this Article
CATEGORIES