«ԻՆԹԵՐ ՄԻԼԱՆ ԱՌԱՆՑ ՇՆԱՅՏԸՐԻ ԿՐՆԱՅ ԱՐԴԻՒՆՔ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵԼ» Կ՛ԸՍԷ ԿԱՍՓԵՐԻՆԻ
Ինթեր Միլանի նոր մարզիչ Ճիանփիերօ Կափերինի իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին անդրադառնալով հոլանտացի փլէյմէյքըր Ուեսլի Շնայտըրի, որ կը մտադրէ լքել իր կազմը ըսաւ, որ առանց անոր եւս խումբը կրնայ լաւ արդիւնք արձանագրել:
«Թէեւ ան բացառիկ յատկութիւններ ունեցող մարզիկ մըն է, սակայն եթէ ան նոյնիսկ հեռանայ, բնականաբար խումբը պիտի շարունակէ իր լաւ արդիւնքները արձանագրել», ըսաւ մարզիչը:
53 տարեկան Կասփերինի 2011-2012 տարեշրջանին բաւական դժուար առաքելութիւն մը ունի ստանձնելիք, որովհետեւ Ինթեր Միլանի նման անուանի ակումբի մը մարզիչի պաշտօնը պիտի ստանձնէ: Ան անցեալին ոչ այդքան անուանի ակումբներու` Քրոթոնէի եւ Ճենովայի, ինչպէս նաեւ Եուվենթուսի կրտսերներու ֆութպոլի խումբին մարզիչը եղած է:
CATEGORIES Մարզական