ԹՈՒՐ ՏԸ ՖՐԱՆՍ. ԱՆԳԼԻԱՑԻ ՔԱՒԵՆՏԻՇ ՅԱՂԹԵՑ ԱՐԿԱԾԱԼԻՑ 5-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ՄՐՑՈՒՄԻՆ
Երէկ` չորեքշաբթի, 6 յուլիսին, տեղի ունեցաւ Թուր տը Ֆրանսի 5-րդ հանգրուանի մրցումը` Քարհէյէն Քափ Ֆրեհել (164,5 քմ): Անիկա աւարտեցաւ յաղթանակովը անգլիացի Մարք Քաւենտիշի (Էյչ. Թի. Սի.), որ արկածալից այս հանգրուանին արձանագրեց 3 ժամ 38′ 32″ արդիւնք մը: Անոր նման նոյն արդիւնքը արձանագրեցին աւելի քան տասը հեծելանւորդներ:
Նորվեկիացի Թհոր Հուսհոֆտ, որ արձանագրեց նոյն արդիւնքը եւ գրաւեց 10-րդ դիրքը, իր մօտ պահեց դեղին շապիկը (17 ժամ 36′ 37″)` իր ունեցած մէկ երկվայրկեանի առաւելութիւնը պահելով աւստրալիացի Քէյտըլ Իվընզի վրայ:
Այսպիսով, Քաւենտիշ այս շրջավազքին ընթացքին արձանագրեց իր 16-րդ յաղթանակը:
Ինչ կը վերաբերի կանաչ շապիկին տիրանալու պայքարին, Քաւենտիշ 84 կէտ ապահովելով բարձրացաւ 4-րդ դիրք: Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի Ֆիլիփ Ժիլպեր, որ ապահոված է 120 կէտ:
Այսօր` հինգշաբթի, 7 յուլիսին տեղի պիտի ունենայ 6-րդ հանգրուանի մրցումը` Տինանէն Լիզիէօ (227 քմ): Անիկա այս շրջավազքին ամէնէն երկար հանգրուանն է: